«Երկիր».- Արցախի Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութենէն յայտնած են, որ 16 Հոկտեմբերի լոյսը 17-ի գիշերը ատրպէյճանական զինեալ ուժերու թիրախակէտին դարձեալ Ստեփանակերտը յայտնուած է:
Գիշերուան ընթացքին հակառակորդը տարբեր զինատեսակներով ու քասեթային ռումբերով հրթիռակոծած է կեդրոնական ու ծայրամասային քանի մը փողոցներ` զգալի վնաս հասցուցած է մարդոց սեփական ունեցուածքին, աւերելով բնակարաններ: Նաեւ տնտեսական նշանակութեան մէկ առարկայի հարուած հասած է:
Ընդհանուր վնասներու չափը կը ճշդուի: