«Երկիր».- Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Մաշտպան Արտակ Պեգլարեան հաղորդած է, որ Ատրպէյճանը 17 Հոկտեմբերի լուսաբացին սկսած է Ստեփանակերտի հրթիռակոծութիւնը: Վնասուած են բնակելի տարածքներ, նախնական տուեալներով` տուժած է երկու քաղաքացիներ:
«Բարեբախտաբար մարդիկ ապաստաններու մէջ էին, եւ կարելի եղաւ խուսափիլ մեծ կորուստներէ», ըսած է Պեգլարեան:
Անընդհատ հնչած է օդային տագնապի ազդանշանը, լուսաբացէն արդէն ոտքի են բոլորը:
Առաջին հրթիռակոծութենէն մէկ ժամ անց Ատրպէյճանը դարձեալ հարուածած է Արցախի մայրաքաղաքի կեդրոնական քաղաքացիական ենթակառոյցները` պատճառելով աւերներ:
«Ատրպէյճան կը շարունակէ պատերազմական յանցագործութիւնները, կը շարունակուի նաեւ միջազգային հանրութեան կուրութիւնը», յայտնած է Արցախի ՄԻՊ-ը: