Բարձրունքը մերն է տղերքը չկան,
Տղերքն աւելի բարձրում մնացին
«Ազդակ».-Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2020-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա Լեռ-Այնճարի ժողովուրդի զաւակ եւ Արցախի ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեանի թաղման արարողութեան առցանց սփռումը հայրենիքէն` Պռօշեան գիւղէն, «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին միջոցով:
Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան, Վարուժան արք. Հերկելեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետը, Արցախի ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեանի հարազատները, Այնճարի մէջ գործող զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հայրենակիցներ:
Թաղման արարողութեան առցանց սփռումէն ետք, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Էլի Թաշճեան, որ դիտել տուաւ, թէ Գէորգ Հաճեանի արուեստը եւ անոր գաղափարապաշտ ու հայրենասէր ոգին միշտ ալ հպարտութիւն ներշնչած են` աւելցնելով, որ անոր հայրենասիրութեան վառ ապացոյցներէն մին եղաւ ընտանիքին հետ փոխադրուիլը Հայաստան, ուր, մասնագիտանալով երաժշտական բնագաւառին մէջ, ան իր ծառայութիւնը բերաւ հայ մշակոյթին` տարածելով հարազատ հայ երգն ու երաժշտութիւնը:
«Ազգային-յեղափոխական մշակոյթի անխոնջ սպասարկուն էիր դուն: Սակայն չգոհացար այդքանով: Խորաթափանց նախազգացումով մը, տակաւին վերջերս ստեղծած տեսահոլովակը գործնականացնելով, ընկերներուդ հետ շտապեցիր ռազմաճակատ: Հաւատացիր երգերուդ իւրաքանչիւրին տողերուն եւ սիրայօժար, մահն աչքերուդ գացիր զոհաբերութեան», յայտնեց Է. Թաշճեան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամը դիտել տուաւ, որ Գէորգ Հաճեան կը մեկնի միանալու մեր միւս ընկերներուն, որոնց անուններով երգեր երգեց ան: «Դուն կ՛երթաս միանալու յատկապէս Պետոյին, որուն կողքին ցանկացած էիր հանգչիլ` զոհուելու պարագային: Վերջին ցանկութիւնդ իրականացաւ, սիրելի՛ ընկեր», եզրափակեց ան: Տոքթ. Էլի Թաշճեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքին եւ յատկապէս ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խորազգաց ցաւակցութիւններ յայտնեց հերոսածին մօր, նահատակին կնոջ` Ֆրիտային եւ մէկ հատիկ որդիին` Թաթուլին, որ ուխտած է արուեստի ճամբով շարունակել իր հօր կիսատ թողած գործը:
Ապա ներկայ հայրենակիցները «Վէրքերով Լի» երգով հրաժեշտ տուին նահատակ ընկերոջ:
Աւարտին Արցախի ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեանի ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւն ընդունեցին «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ: