«Երկիր».- Արծրուն Յովհաննիսեան դիմատետրի իր էջով հաղորդած է, որ մեր գոյութեան այս ծանր պատերազմին մէջ յաղթանակը այլընտրանք չունի, սակայն յաղթանակը հեշտօրէն պիտի չտրուի, ծանր է ու կախեալ է իւրաքանչիւրէս: Ամէն մէկէն առանձին ու անհատական կախեալ է յաղթանակը:
«Ամէն մէկս հարց պիտի տայ թէ ինչ ըրած է յաղթանակին համար: Ամէն օր մենք մեզի հարց պիտի տանք: Սիրելի եղբայրներ, ինքնաշարժի վրայ ՀՀ եռագոյնը դնելով ու հայրենասիրական երգի բարձր ձայնով Երեւանի մէջ քշելով չէք նպաստեր յաղթանակին: Իմ ուսանողուհիները կանանց ջոկատին մաս կազմեն, այս է յաղթանակին միտուած ուղիղ քայլը: Նարի Սիւնին որոշակի քայլ առած է յաղթանակի համար: Երէկ մէկ գեղանի օրիորդ լացակումաց ինձ կ’աղաչէր որ իրեն մահապարտի յանձնարարութիւն տայի: Այդ հայուհիին արժանի երիտասարդներ եղէք: Ելէք եւ քայլ առէք մեր գոյութեան պատերազմին համար: 18-25 տարեկան զինուորներն ու սպաները արդէն 20 օր բոլորիս համար արհամարհած են մահը, արժանի ըլլանք անոնց:
#Յաղթելուենք»: