Անցնող օրերու ընթացքին ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն իրականացուցած քարոզչական-տեղեկատուական բնոյթի աշխատանքներուն, տարբեր բնոյթի ցոյցերուն, հանրահաւաքներուն ու երթերուն զուգահեռ արձանագրուած են նաեւ որոշակի քաղաքական արդիւնքներ, որոնք կարելի են դարձնել Հայ Դատի յանձնախումբերուն երարատեւ աշխատանքներուն եւ շարունակաբար զարգացող յարաբերութիւններու պայմաններուն:
Այս օրերու ընթացքին նոյնպէս, շարունակուած են հակամարտութեան մասին առարկայական տեղեկատուութեան միջազգային հանրահռչակման աշխատանքները, որոնցմով երեւան եկած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէն իրականացուող պատերազմական յանցագործութիւնները` ուղղուած սեփական իրաւունքները պաշտպանող խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ:
Եւրոպա
15 Հոկտեմբերին Պելճիքայի ֆլամանական խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունեց Արցախի մէջ պատերազմական գործողութիւնները դատապարտող բանաձեւ: Յատկապէս յիշուած է, որ 12 Հոկտեմբերին ձեռք բերուած զինադադարը խախտուած է Ստեփանակերտի ռմբակոծութեամբ` Ատրպէճանի կողմէն: Ան կը շեշտէ, որ Ատրպէյճանը կը խախտէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, կը թիրախաւորէ ոչ ռազմական առարկաներ, որուն պատճառով ամէնէն շատ կը տուժէ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը:
Բանաձեւի մէջ նաեւ նշուած է, որ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական հետաքրքրութիւները կ’ապակայունացնեն տարածաշրջանը: Ան կ’անդրադառնայ նաեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէն Արցախի դէմ կռուելու համար սուրիացի ահաբեկիչ վարձկաններու օգտագործման:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի իրավիճակի մասին միաձայնութեամբ բանաձեւ ընդունած է նաեւ Աւստրիոյ Խորհրդարանը: Անդրադառնալով Թուրքիոյ դերակատարութեանը` աւստրիացի խորհրդարանականները յայտնած են, որ Թուրքիան, որ ռազմական ու քաղաքական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Ատրպէյճանին, կը սրէ հակամարտութիւնը:
Բանաձեւի հեղինակները մտահոգիչ կը համարեն նաեւ օտարերկրեայ զինեալներու հաւաքագրման մասին հաղորդագրութիւնները` նկատելով, որ արտաքին միջամտութիւնը կը թէժացնէ հակամարտութիւնը եւ կրնայ յանգեցնել հետագայ` նաեւ տարածաշրջանային ապակայունացման:
Այս օրերուն Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, տասնեակ քաղաքներու մէջ կազմակերպուած են հանրային նախաձեռնութիւններ, ցոյցեր, երթեր: Իբրեւ բողոքի ղարժում եւ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու պահանջով փակուած են համաեւրոպական նշանակութեան բազմաթիւ մայրուղիներ:
Աւստրալիա
15 Հոկտեմբերին, Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը կոչ ուղղած է դաշնային կառավարութեան ճշգրիտ եւ միանշանակ դատապարտել Ատրպէյճանի շարունակական յարձակումները Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի նկատմամբ: Յանձնախումբը նաեւ կոչ ուղղած է ստորագրել եւ տարածել այդ նպատակով կառավարութեան ուղղուած հանրային պահանջագիրը: Ընդհանուր առմամբ յանձնախումբը կը շարունակէ տարբեր ձեւերով ճնշում գործադրել Աւստրալիոյ իշխանութեան տարբեր թեւերուն վրայ, որպէսզի իրերը կոչեն իրենց անունով:
Քանատա
Մոնրէալի մէջ կրկին բողոքի խաղաղ ցոյց իրականացուած է, այս անգամ տեղական իշխանութիւններէն ցուցարարները պահանջած են ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը: ՀՅԴ Հայ Դատի Քանատայի Յանձնախումբը կը շարունակէ քաղաքական-յարաբերական աշխոյժ աշխատանքները քանատական հասարակական-քաղաքական շրջանակներու եւ լրատուամիջոցներու հետ` փորձելով բացառել հանրային կարծիքի ատրպէյճանաթրքական գործողութիւնը: Այս առումով յանձնախումբի պատասխանատուները առաջատար բազմաթիւ լրատուամիջոցներու մէջ հանդէս եկած են տարբեր հարցազրոյցներով:
Ամերիկա
Քարոզչական եւ տեղեկատուական բնոյթի աշխատանքներու շրջանակին Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակը մեծ ծաւալով կը շարունակէ իրականացնել մետիա-մոնիթորինկ` ԱՄՆ հասարակական-քաղաքական եւ հանրային շշրջանակներու համար վեր հանելով ատրպէյճանական քարոզչութեան կեղծիքները: Կը շարունակուին բացայայտուիլ եւ վեր հանուիլ նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի համար մասնաւոր լոպպիստական ծառայութիւններ մատուցող կազմակերպութիւններու աշխատանքը: Յանձնախումբը կը շարունակէ քաջալերել ամերիկահայութիւնը, թէ՛ հանրային, թէ՛ անհատական մակարդակներու վրայ աշխատիլ եւ ճնշումներ գործադրել իրենց տարածքներէն ընտրուած օրէնսդիրներուն վրայ` Ատրպէյճանին ամերիկեան օգնութեան տրամադրումը եւ զէնքի վաճառքը բացառելու եւ այլնի մասին:
15 Հոկտեմբերին, մօտաւորապէս 18 ժամ տեւած նստաշրջանի աւարտին, Միշիկընի Խորհրդարանը ընդունեց հայազգի Մարի Մանուկեանի հեղինակած բանաձեւը, որ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ արարքը Արցախի ու Հայաստանի նկատմամբ: