15 Հոկտեմբերին Պռոշեանի Զօրաց պանթէոնին մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ գումարտակի 2-րդ վաշտի կամաւորներ` Գէորգ Հաճեանի, Երուանդ Թադէոսեանի, Կարէն Պատալեանի, Արման Խաչատրեանի, Տաւրոս Աբրահամեանի եւ Դանիէլ Թովմասեանի յուղարկաւորութիւնը:
Հրաժեշտի արարողութեան ընթացքին ելոյթով հանդէս եկած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Նոյն օրը, եռաբլուրի մէջ ամփոփուած են ՀՅԴ գումարտակի 2-րդ վաշտի կամաւորներ` Քրիստափոր Արթինի եւ Սուրէն Վանցեանի աճիւնները: