Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Ուաշինկթընի «Անի» մասնաճիւղի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող հազարաւոր հայերու եւ հայ ժողովուրդին սատարող օտարազգիներու մասնակցութեամբ` 15 Հոկտեմբերին բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի մէջ` Քոնկրէսի շէնքին դիմաց: Մասնակիցները դատապարտած են Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ` Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները:
Բողոքի ցոյցին մասնակիցները ԱՄՆ-ի իշխանութիւններէն պահանջած են պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ, դադրիլ որեւէ ռազմական կամ այլ օգնութիւն տրամադրել վերոնշեալ երկրներուն եւ ճանչնալ Արցախը:
Անոնք ծածանած են Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, իսկ պաստառներու վրայ գրած են. «Մենք արդարութիւն կը պահանջենք», «Կեցուցէ՛ք Ատրպէյճանը», «Ճանչցէ՛ք Արցախը», «Վե՛րջ տուէք պատերազմին», «Յաղթելու ենք»:
Բողոքի ցոյցի մասնակիցները վանկարկած են «ամօ՛թ Թուրքիոյ, ամօ՛թ Ատրպէյճանին», «Էրտողանն ու Ալիեւը ահաբեկիչներ են», «Պայքա՛ր, պայքա՛ր մինչեւ վերջ»: