Պաքուն մերժած է Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի միջնորդութեամբ գիշերուան ընթացքին վիրաւոր զինուորական ծառայողներին մարտադաշտէն դուրս բերելու քայլերը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարութիւն տարածած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ ընդգծելով՝ Ալիևեան կլանը կը սարսափի սեփական ժողովուրդին առջև պատասխան տալու հեռանկարէն:

«Հայաստանի Հանրապետութեան և Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջև ս․թ․ հոկտեմբերի 18-ին մարդասիրական զինադադար հաստատելու մասին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելէն ետք, Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի միջնորդութեամբ փորձ կատարուած է պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերել գիշերուան ընթացքին վիրաւոր զինուորական ծառայողները մարտադաշտէն դուրս բերելու համար։

Սակայն այս քայլը, որ տեղի կ՚ունենար թէ՛ հոկտեմբերի 17-ին և թէ՛ հոկտեմբերի 10-ին Մոսկուայի համաձայնութիւններուն տառին և ոգիին համապատասխան, կտրականապէս մերժուած է պաշտօնական Պաքուի կողմէ։

Տեղի ունեցածը կը վկայէ, որ Ալիևեան կլանը, դառնալով տարածաշրջանի թրքական ծաւալապաշտութեան գործիք, մտահոգուած է միայն սեփական իշխանութեան պահպանմամբ և, սարսափելով պատերազմ սանձազերծելու ու բազմաթիւ կորուստներ ունենալու համար իր սեփական ժողովուրդին առջև պատասխան տալու հեռանկարէն, կը փորձէ յետաձգել իրականութեան հետ առերեսուելու անխուսափելի պահը», կը յայտնէ ՀՀ ԱԳՆ-ը։