“Արմէնփրէս”._Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը որոշած են 18 Հոկտեմբերին, տեղական ժամանակով ժամը՝ 00:00-էն սկսեալ հաստատել մարդասիրական զինադադար:
ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է:
«Այս որոշումը հաստատուած է՝ ի շարունակութիւն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրները ներկայացնող Ֆրանսական Հանրապետութեան, Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն 1 Հոկտեմբերին կատարած յայտարարութեան, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն 5 Հոկտեմբերին կատարած յայտարարութեան եւ համաձայն 10 Հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ ընդունուած միատեղ յայտարարութեան», ըսուած է յայտարութեան մէջ: