Երկուշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2020-ին, «Ուաթան Օնլայն» հաղորդեց, որ Հայաստանեան կառավարութիւնը նախազգուշացուց Արցախի մէջ զինուորական գործողութիւններուն հետեւանքով ժանտախտի տարածումէն:
Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի վարած զինուորական գործողութիւններուն հետեւանքով բազաթիւ զոհեր արձանագրուեցան եւ ահաւոր քանդում տեղի ունեցաւ: Հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ որ Ատրպէյճան իր բանակի դիակները կուտակուած կը պահէ Արցախի մէջ եւ այս մէկը կը սպառնայ ախտերու եւ տարբեր տեսակի վարակիչ հիւանդութիւններու տարածման, ինչպէս՝ Քոլերա, լիարթի բորբոքում եւ այլն:
Հաղորդագրութեան մէջ Հայաստան Ատրպէյճան պատասխանատուութեան տակ կը դնէ զինուորական գործողութիւններու պատճառով ազերիներու կուտակուած դիակներուն հետեւանքով Արցախի մէջ համաճարակի տարածման հաւանականութեան համար: