Հայերը Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ բազմահազարանոց ցոյց կատարածացեն՝ ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արարքին, ի աջակցութիւն Արցախին` պահանջելով, որ Ֆրանսան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Հաւաքուածները բարձրացուցած են Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, պաստառներ` Արցախի անկախութեան ճանաչման կոչով:
Հաւաքուածները վանկարկած են «Արցախը Մերն է», «Փառք Հայոց Բանակին», «Ալիեւ, Էրտողան` Ահաբեկիչ», «Կեանքս` Արցախին», կոչեր ուղղած եւ ելոյթներ ունեցած են:
Ցոյցի աւելի քան տասը հազար մասնակիցները հայերէնով աղօթած են, ապա քայլերթով մեկնած են դէպի Ֆրանսայի Ատրպէյճանի դեսպանատուն բողոքի ցոյցը դեսպանատան դիմաց շարունակելու համար:
Անոնց անվտանգութիւնը ապահոված են ոստիկանները: Քայլերթի ընթացքին Հայոց եռագոյնի գոյներով ծուխ ելած է: Հաւաքուածներու խօսքերուն համաձայն, այսպիսի բազմահազարանոց ցոյց Ֆրանսայի մէջ աննախադէպ է: