«Արմէնփրէս».- Քանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Ֆրանսուա-ֆիլիփ Շամպայն կոչ ուղղած է յարգելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մարդասիրական զինադադարի հաստատման մասին ձեռք բերուած համաձայնութիւնը: Նախարարը գրած է «Թուիթեր»-ի մէջ, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցէն վերջ:
«Քիչ առաջ խօսեցայ Զոհրապ Մնացականեանին հետ: Քանատան կ’ողջունէ մարդասիրական զինադադարը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ան պէտք է յարգուի, որպէսզի կանխուին քաղաքացիական բնակչութեան նոր տառապանքները: Մենք կոչ կ’ուղղենք արտաքին խաղցողներուն` հեռու մնալ այս հակամարտութենէն եւ սատարենք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու կողմէն վաւերականութեան դրութեան ստեղծումը», գրած է Շամպայն: