Վերջին օրերուն ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները շարունակած են քարոզչական-տեղեկատուական եւ քաղաքական-յարաբերական բնոյթի աշխատանքները, որոնց արդիւնքներուն մէկ մասը կը ներկայացնենք ստորեւ:

ԱՄՆ

Քարոզչական եւ տեղեկատուական բնոյթի աշխատանքներուն զուգահեռ` ՀՅԴ Հայ Դատի ԱՄՆ Յանձնախումբի` Ուաշինկթընի գրասենեակը, կը շարունակէ իրականացնել մեծ ծաւալով քաղաքական բնոյթի աշխատանքներ` արձանագրելով նոր արդիւնքներ:

Այսպէս, 16 Հոկտեմբերին ԱՄՆ Հաւայի նահանգը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը` դառնալով ԼՂՀ-ն ճանչցած ամերիկեան 10-րդ նահանգը․ ընդգրկելով Հաւայեան կղզիները:
Պաշտօնական նամակով ՀՅԴ Հայ Դատի ԱՄՆ Յանձնախումբը դիմած է ռազմաքաղաքական հարցերու ԱՄՆ պետքարտուղարի օգնական Ռ․ Քլարքին` պահանջելով կասեցնել ռազմական կամ երկակի նշանակութեան արտադրանքի վաճառքը Թուրքիային, որովհետեւ Անգարան գործուն կը մասնակցի Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի ու Հայաստանի դէմ սկսուած պատերազմին:

Քանատա

Քանատայի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպմամբ Մոնրէալի քաղաքապետ Վալերի Փլանտեյէն օրեր շարունակ պահանջուած է ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Իրականացուող նախաձեռնութիւնները կը ներառեն ցոյցեր, հանրահաւաքներ, առցանց պահանջագիրներու լրացում եւ ժողովրդավարական ճամբով հանրային ճնշման այլ ձեւեր:
18 Հոկտեմբերին Արցախի Անկախութեան պահանջով մեծ ինքնաշարժով երթ կատարուած է Թորոնթոյի մէջ:
Յառաջիկայ Ուրբաթ կը նախատեսուի նոյնաբովանդակ պահանջով բողոքի խաղաղ ցոյց իրականացնել նաեւ Օթթաուայի մէջ:
Յանձնախումբի փոխանցումով, հայութեան նկատմամբ սանձազերծուած արարքը քննադատած է նաեւ քանատական երկրորդ ընդդիմադիր` Քեպեքեան պլոկ կուսակցութիւնը:

Եւրոպա

Եւրոպայի ՀՅԴ Հայ Դատի աշխատանքները կը շարունակուին ինչպէս տեղական, առանձին երկիրներու մակարդակներու վրայ` տեղւոյն յանձնախումբերու միջոցով, նաեւ համաեւրոպական մակարդակի վրայ` Պրիւքսէլի գրասենեակին միջոցով:
18 Հոկտեմբերին աւելի քան 20․000 մարդու մասնակցութեամբ բողոքի խաղաղ ցոյց կատարուած է Փարիզի մէջ: Ցուցարարներու հիմնական պահանջը եղած է ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ դատապարտել ատրպէյճանական ու թրքական արարքը Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն նկատմամբ: Ֆրանսայի մէջ բողոքի տարբեր նախաձեռնութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» ուսանողական միութեան կողմէ:
ՀՅԴ Հայ Դատի Անգլիոյ Յանձնախումբի փոխանցումով` բրիտանացի վեց խորհրդարանականներ դատապարտած են Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ հրթիռակոծումը` որակելով իբրեւ պատերազմի յանձագործութիւն եւ դիմած Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութեան` կոչ ուղղելով ՄԹ կառավարութեան ձեռնակել համապատասխան քայլեր: Այս կոչին առաւել շատ պատգամաւորներ ներգրաւելու համար յանձնախումբը բրիտանահայութեան ներուժը, որպէսզի դատապարտում պահանջեն իրենց շրջաններէն ընտրուած պատգամաւորներէն:
ՀՅԴ Հայ Դատի Աւստրիոյ Յանձնախումբի եւ տեղւոյն հայկական երիտասարդական-ուսանողական միութեան ջանքերով, 17 Հոկտեմբերին, Վիեննայի Օփերայի հարեւանութեամբ կազմակերպուեցաւ «Խաղաղութիւն Արցախին» խորագիրը կրող համերգ, որուն մասնակցեցան հայ եւ օտարազգի յայտնի երաժիշտներ:
Արցախի անկախութեան ճանաչման եւ ատրպէյճանաթրքական արարքի դատապարտման նպատակով` բողոքի բազմամարդ ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Պարսելոնայի, Աթէնքի եւ Եւրոպական բազմաթիւ այլ քաղաքներու մէջ:

Աւստրալիա

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակը վերջին 4 օրերուն հաւաքած է աւելի քան 2500 ստորագրութիւն մէկ պահանջագիրի տակ, որ դաշնային կառավարութեան վարչապետ Սքոթ Մորիսոնէն պահանջած է դատապարտել Արցախի բնիկ հայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ ատրպէյճանական արարքը: Պահանջագիրը տակաւին բաց է լրացման եւ ստորագրման համար:
Բողոքի գործողութիւններու ընթացքին Աւստրալիոյ հայ համայնքը 18 Հոկտեմբերին փակած էր Սիտնիի կարեւորագոյն ճանաարհներէն մէկը` Հարբորի կամուրջը: