20 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը որդեգրած է յարձակողական խումբերով մերձաւոր ռազմաճակատային բնակավայրեր ներթափանցել եւ հոն լուսանկարուելու մարտավարութիւն վարելով կեղծ լուրեր տարածել։
«Ատրպէյճանական ԶՈՒ յարձակող խմբաւորումները յաճախ կը թափանցեն մերձաւոր ռազմաճակատային բնակավայրեր, հոն կը նկարահանուին, կը տարածեն այդ լուրերը, որ առաջին կարգին նախատեսուած է ազերիական հանրութեան կերակրելու համար, բայց շատ յաճախ կ’ազդէ նաեւ մեր հանրութեան վրայ», ըսաւ Յովհաննիսեան, կոչ ուղղելով չտարածել նման տեղեկութիւններ:
Արծրուն Յովհաննիսեան աւելցուց, որ այդ մարտավարութիւնը ընդօրինակուած է ահաբեկչական խմբաւորումներէն:
«Կան բնակավայրեր, որոնք կը համարուին Ատրպէյճանի ԶՈՒ-ի կողմէն գրաւուած, բայց մինչեւ օրս հոն չկայ անոնց վերահսկողութիւնը եւ  մուտք գործել փորձող բոլոր զօրախումբերը կը ջախջախուին մեր կողմէն` հիմնականօրէն հեռահար կրակով կամ այլ գործողութիւններով», յայտնեց Արծրուն Յովհաննիսեան: