«Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրօն հեռաձայնային զրոյց ունեցած են` մանրամասն քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին շուրջ զարգացող իրավիճակը:  Քրէմլի ծառայութիւնը յայտնած է, որ երկու երկիրներու ղեկավարները զրոյցի ընթացքին շեշտած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ` կրակի դադարեցման մասին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու պահպանման կարեւորութիւնը:
Զրոյցի ընթացքին ընդգծուած է Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի` իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի գծով սերտ համակարգումը շարունակելու պատրաստակամութիւնը: