«Երկիր».-Ֆրանսայի իշխանութիւնները որոշած են ժամանակաւորապէս փակել Փարիզի արուարձանի մզկիթը: Այդ մզկիթը Facebook-ի իր էջին վրայ տեսանիւթ հրապարակած էր, որ ատելութիւն յառաջացուցած էր պատմութեան ուսուցիչ Սեմուէլ Փաթիի նկատմամբ, որուն դաժանաբար սպանած էին:
Ոստիկանութիւնը փակցուցած է մզկիթի փակման մասին յայտարարութիւն: Իշխանութիւնները խոստացած են կոշտ միջոցներու ձեռնարկել ատելութիւն, ծայրայեղական քարոզչութիւն տարածող հաղորդագրութիւններուն դէմ:
Իսլամիստի մը կողմէն ուսուցիչին գլխատումը, որպէս կրօնական նիւթ օգտագործուած էր նաեւ ուսանողներուն հետ քննարկման համար,ինչ որ ցնցած է Ֆրանսան եւ ողջ աշխարհը:
Ֆրանսայի Ներքին Գործոց Նախարարութեան ղեկավար Ճերալտ Տարմէյն այս շաբաթ յայտարարած է, որ Ֆրանսան կը բախի «ներքին թշնամիի» հետ: