Թրքական զաւթիչ ուժեր եւ իրենց ենթակայ ահաբեկիչներ 21 Հոկտեմբերին յարձակում գործեցին Ռաքքայի հիւսիսային շրջանի Այս Իսա աւանին վրայ:
Տեղական աղբիւրներ ՍԱՆԱ-ին յայտնեցին, որ թրքական ուժերը թնդանօթներով գնդակոծեցին աւանը, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան նիւթական վնասներ: Աղբիւրը յիշեց, որ յիշեալ ուժերուն շարունակուող յարձակումներուն պատճառով շրջանի բնակչութեան կեանքը վտանգի տակ է: