Սիրելի հայ բարեկամս,

Այսօ՛ր, հիմա հայրենիքը մեզի պէտք ունի, այսօր հայ զինուորը եւ հայ կամաւորը իրենց կեանքի գնով կը պաշտպանեն մեր հայրենի հողը, անոնք կը նահատակուին, որպէսզի մենք ապրինք, ապրինք ազատ, անկախ մեր երկրին մէջ, ապրինք արժանապատուութեամբ հո՛ն, ուր կը գտնուինք՝ Հայաստան, Արցախ թէ՛ Սփիւռք:

Հայ զինուորը զէնքի պէտք ունի, հագուստի, սնունդի, յարաբերաբար  ժամանակակից զինամթերքի…

Հայ զինուորին, հայ կամաւորին ընտանիքը ապրուստի պայմաններու  անհրաժեշտութեան կը կարօտի: Հայոց երկիրը, հայկական պետականութիւնը համայն հայութեան անհրաժեշտութիւնը ունի, մեզմէ իւրաքանչիւրին կարիքը ունի, անձամբ քու կարիքդ ունի.

Հիմա՛ Տանք, Վերջը Չտանք:

Սիրելի հայ բարեկամ՝ քոյրս, եղբայրս, աղջիկս, տղաս,

Եթէ չես ուզեր ամչնալ տեղացի կամ օտար, գործի բարեկամներէդ եւ դրացիներէդ, որոնց հետ կը յարաբերիս, ամէն օր կը տեսնես զիրենք. եթէ չես ուզեր, որ բարեկամներդ ծիծաղին վրադ եւ քեզի յիշեցնեն, թէ ինչպէս ազերիները եւ թուրքերը զգետնեցին  քեզ, եւ որպէսզի ամօթով չմնաս եւ ստորադաս չզգաս  իբրեւ պարտուած ազգի զաւակ.

Հիմա՛ Տուր, վերջը մի՛ տար:

Եթէ չես ուզեր, որ քու բարեկամներդ եւ օտարները սուր վիճաբանութեան ընթացքին, անտեսեն կարծիքդ, անարգեն  տեսակէտդ, արհամարհեն քեզ,իբրեւ պարտուած մարդու, որուն պատմական հայրենիքին մէկ մասը յափշտակուած է եւ դուն չես կրցած քու պատմական հողդ քաջօրէն պաշտպանել (ի՛նչ ամօթ):

Որպէսզի նման բան չպատահի քեզի.

Հիմա՛ տուր, վերջը մի՛ տար:

Եթէ ամուրի երիտասարդ ես եւ զանազան ծրագիրներ իրագործելու համար ծախսերու պէտք ունիս, ժամանակի մը համար յետաձգէ՛ եւ հիմա տո՛ւր, վերջը մի՛ տար:

Եթէ ընտանիքի տէր մարդ ես եւ ծախսերդ շատ են եւ յարմար չէ այսօրուան նոր ծախսեր աւելցնել, Հաճիս՛, դուն եւ հասկցող տիկինդ յետաձգեցէ՛ք, տուն, ինքնաշարժ եւ այլ փոքր ու մեծ գնումներդ.

Հիմա՛ տուր, վերջը մի՛ տար:

Այս անգամ կատակ չէ՛. այսօրուան տոլարին բերած օգուտը վաղը հազարաւոր տոլարներ կրնան  չբերել, վաղը օգուտ պիտի չունենայ, այսօ՛ր պէտք է  քու  քսակիդ տոլարը, վաղը չէ, ո՛չ ալ միւս օր.

Հիմա՛ տուր, վերջը մի՛ տար:

Մեր ազգի բոլոր զաւակները, որոնց մէջ նաեւ դուն եւ ես՝ մենք բոլորս հպարտ ենք մեր ազգի վարք ու բարքով, պատուով, որ մեր նախնիներուն միջոցով սերունդէ սերունդ՝ դարեր ի վեր փոխանցուած է մեզի, որպէսզի մենք ալ ամենայն բծախնդրութեամբ փոխանցենք գալիք սերունդներուն: Վայ մեզի եթէ մեր սերունդը ձախողի անցեալը ապագային կապող հպարտ ոսկէ օղակ ըլլալ:

Սիրելիս, թանկագինս, չըլլայ որ ազգէդ, կուսակցութենէդ կամ այլ մարմինէ մը, որեւէ անհատ անձէ մը անցեալէն եկող նեղութիւնդ կամ վրդովմունքդ կը շարունակես. շատ ամօթ է քեզի, պիտի զղջաս, ուշացած զղջումդ անօգուտ պիտի ըլլայ եւ դուն պիտի տառապիս ամբողջ կեանքիդ ընթացքին, որովհետեւ պատիւդ եւ արժանապատուութիւնդ արդէն գետնին հաւասարած պիտի ըլլան: Ուրիշը մի՛ խաբեր, ո՛չ ալ դուն քեզ, պիտի չկրնաս համոզել ինքզինքդ: Անգամ մը դուն քեզի հարցո՛ւր. Որո՞ւ դէմ կը  քէն կը  պահես:

Քու դրամդ, քու ազդեցութիւնդ, հիմա՛ պէտք է ազգին.

Հիմա՛ Տուր, վերջը մի՛ տար:

Մի՛ փորձեր յետաձգել, վերջը ուշ կ’ըլլայ. Պարտք ըրէ եւ ազգին բաժինը տո՛ւր: Գումարին չափը կարեւոր չէ,  երբ քու կարողութեանդ առաւելագոյնն է տուածդ:

Երէկ, բարեկամ մը ուրախութեամբ ըսաւ.-Գիտե՞ս, Կիրակոս, Հայաստան հիմնադրամը արդէն 120 միլիոն տոլար հաւաքած է… շատ ուրախացայ, սակայն պատերազմի այս օրերուն ստացած տեղեկութիւններս ինծի ստիպեցին, որ լայնատարած այս պատերազմի ընթացքին թշնամին գերարդիական զէնքեր ձեռք բերելու համար, տասնապատիկ աւելի գումարներ կը ծախսէ: Ուրեմն պարտաւոր ենք մեր հաւաքած գումարը քառապատկել, տասնապատկել, եթէ պակսի, ես, դուն, ամէնքս, մեր տան ոսկիներն ալ պէտք է ծախենք եւ տանք: Այսօ՛ր, պէտք է տանք: Ասիկա վերջինն է, վերջինը,  վճռականը:

Սիրելիս, Հիմա՛ տուր, վերջը մի՛ տար:

Սիրելի հարազատ հայորդի, կրնաս այլ միջոցներով օգտակար ըլլալ, տուածդ կրնայ դրամէն աւելի արժէքաւոր բան մը ըլլալ.

-Եթէ երաժիշտ ես, երգ մը յօրինէ եւ նուիրէ հայ զինուորին, հայ մօր, հայ ժողովուրդին. եթէ երգիչ ես, երգէ՛ ազգիդ նուիրուած այդ երգերը:  Հիմա՛ յօրինէ, հիմա՛ երգէ:

-Եթէ բանաստեղծ ես, բանաստեղծութիւն մը նուիրէ, Հայաստան աշխարհին, հայրենի Արցախին, անոնց պաշտպան կամաւորին, աշխարհազօրին: Ի՞նչ կը սպասես. հիմա՛ գրէ:

-Եթէ օտար լեզուներ գիտես, մամուլի միջոցով, արդի բոլոր միջոցներով օտարներուն պատմէ ճշմարտութիւնը, պաշտպանէ ազգի՛դ դատը, քո՛ւ դատդ: Գիտցածդ հիմա ծառայեցուր ազգիդ շահին:

-Եթէ որոշ դիրք մը ունիս ապրած երկրիդ մէջ, ազդեցիկ անձնաւորութիւն ես, հիմա առաւելութիւնդ ի սպաս դիր հայրենիքիդ եւ ժողովուրդիդ:

Կրցածդ Հիմա՛ Տուր, Վերջը Մի՛ Տար:

Պատերազմի աւարտէն ետք, նաեւ աւելի ուշ, Ստեփանակերտի կեդրոնը, Շուշիի եկեղեցւոյ բակը, Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի երկայնքին, ամէն տեղ, դիւրութեամբ պիտի զանազանուին, անոնք, որոնք ճիշդ ժամանակին օգնութեան հասան զոհուող հայ մարտիկին, հայոց քաջարի բանակին, եւ անոնք, որոնք դեռ, այսօր՝ հիմա անտարբեր կը մնան. պիտի զանազանուին՝ բարձրաճակատները եւ գլուխնին ամօթէն կախողները:

Սիրելիս, այօր եթէ պարտուիս, չորս կողմդ ազերիները պիտի վխտան եւ օրական թունաւորեն քեզ՝ Փասատինա ըլլաս, կամ Սիտնի, Լիւքսէմպուրկ կամ Զիմպապուէյ…

Հայ հարազատս՝ հայուհի քոյրս, եղբայրս, որդիս. Ապագային, զաւակիդ կամ թոռնիկիդ փայլուն աչքերով ուղղակի կարենալ նայելու համար.

ՀԻՄԱ՛ ՏՈՒՐ, ՎԵՐՋԸ ՄԻ՛ ՏԱՐ:

Կիրակոս Գույումճեան
Քուէյթ