Կազմակերպութեամբ ՍԵՄ-ի Կ. Վարչութեան,Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր 2020-ի կէսօրէ ետք ժամը 6։00-ին, ԱՔԵ Ճեմարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Արցախի նուիրուած համերգ մը հալէպահայերու հոծ բազմութեան ներկայութեան։ Հանդիսականները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին անառիկ Արցախի Ազատ ու Անկախ Հանրապետութեան։
Համերգը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Արցախի նահատակներուն յիշատակը։
Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Սարօ Ղազարեան, իսկ հայերէն՝  Ռաքէլ Շահինեան։ Անոնք իրենց խօսքերուն մէջ յատկապէս յայտնեցին, որ «27 Սեպտեմբերին Ատրպէյճան սանձազերծեց նոր պատերազմ Արցախի դէմ, սակայն հայկական բանակը կու տայ արժանի պատասխանը, ետ մղելով թշնամին եւ առանձին կը պայքարի հարաւային կովկասի մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տեղադրած ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ։ Հայութիւնը ամբողջ Սփիւռքի մէջ պէտք է միասնական ուժերով պայքարի ցեղասպան թուրքին ծրագրած երկրորդ ցեղասպանութեան դէմ, որովհետեւ այս անգամ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նպատակն է գրաւել Արցախը, հասնիլ Հայաստանի սահման եւ վերացնել հայ ժողովուրդը, իրականացնելու տարիներու իրենց փանթուրանական երազը։ Թուրքիան, ինչպէս Սուրիոյ մէջ պատերազմ հրահրելով, տարածքներ գրաւելով, ժողովուրդը գաղթի ու տեղահանութեան մղելով միջազգային օրէնքներ խախտեց եւ աւեր ու ատելութիւն տարածեց ամէն կողմ, նոյն ոճով ուղղուած է այսօր Արցախ։ Սակայն հայոց բանակը վճռած է կենաց մահու կռիւ մղել եւ պաշտպանել իր հայրենիքն ու ժողովուրդը։
Աշխարհասփիւռ հայութիւնը Արցախի ու Հայաստանի կողքին է, ուստի զօրակցինք Արցախին ու հայոց բանակին, մեր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնելով արցախահայութեան, ողջ հայութեան պայքարին եւ որպէս երիտասարդներ քարոզչական մեր բոլոր միջոցներով պարզելու աշխարհին եւ մեր միջավայրին Թուրքիոյ ցեղասպան էութիւնն ու պատերազմական յանցագործութիւնները։ Մենք երիտասարդներս, պէտք է արթուն պահակները ըլլանք հայ դատին ու մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն։ Պարտաւոր ենք ըլլալ, որովհետեւ այլ ընտրանք չունինք։ Յաղթելու ենք, որովհետեւ միասնական ենք եւ պարտաւոր ենք պայքարիլ մեր պապերուն կերտած հայրենիքին ու անոր սուրբ հողին համար։
Յարգանք Արցախի մէջ նահատակուած մեր հերոսներուն յիշատակին։ Յարգանք ճակատ մեկնած ու հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրուած բոլոր հայ հերոսներուն, ՀՅԴ-ի կամաւորական վաշտին։ Անոնք ուխտած են ամէն բանէ վեր դասել հայրենիքը եւ այդ ուխտին հաւատարիմ մնալով կը ծառայեն այսօր պատերազմի դաշտին վրայ»։
Ապա արաբերէն ազգային երգերով ելոյթ ունեցան Մարինէ Մարգարեանն ու Լիւսի Յովհաննէսեանը, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ հանրածանօթ երգիչ Յակոբ Մկրտիչեան, որ փունջ մը Յեղափոխական երգերով թնդացուց Ճեմարանի շրջափակը։
Համերգի ընթացքին սեմական երիտասարդներ, փոքրիկներ, ծերունիներ իրենց ձեռքին ունենալով եռագոյն դրօշը, բեմ բարձրացան եւ զայն ծածանելով հոծ բազմութեան հետ միասնաբար երգեցին «Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք» եւ «Կամաւորին» երգերը, յիշեցնելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին, որ հայը կ’ապրի իր ազգային շունչով, կը խօսի հայերէն, միշտ յաղթած է եւ երբեք ծունկի չի գար։ Բոլորս միասնական ուժով պիտի յաղթենք։
Ինչպէս ըսած է սպարապետ Գ. Նժդեհ. «Եթէ ազգը բանակ կը դառնայ, կարելի չէ զինք ծունկի բերել»։
Յատկանշական էր երգիչ Յակոբ Մկրտիչեանին տպաւորութիւնը։ Ան պատերազմի տարիներուն իր ծննդավայր Հալէպէն մեկնած ըլլալով կը նախատեսէր ամայացած տեսնել Հալէպը, սակայն հոծ բազմութիւնն ու ներկաներուն ոգեւորութիւնը յուզումնախառն ապրումներով համակեցին անոր սիրտը։ Համերգին մասնակից երիտասարդները մաղթեցին, որ Արցախը թուրք-ատրպէյճանական ահաբեկչական պատերազմէն յաղթական դուրս գայ ու աւելի ուժեղ դառնայ համայն հայութեան զօրակցութեամբ։
Համերգը վերջ գտաւ Արցախի Հանրապետութեան քայլերգով։
Գարոլին Քիւրքլեան