Այլեւս փաստ է, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մարդակեր ղեկավարները Ատրպէյճանի քարիւղահէն, թերզարգացած տնտեսութիւնը ամենակարճ ճամբով անդառնալիօրէն ճգնաժամի փուլ մտցուցին:
Այս մարդակերներուն կողմէն պարբերաբար սանձազերծուող պատերազմները կործանարար հարուածներ կը հասցնեն ատրպէյճանական տնտեսութեան ողնաշարին, որուն ջախջախումը այս օրերուն կը մօտենայ կայծակնային արագութեամբ:
Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի տնտեսական համակարգի ողնաշարը քարիւղամուղներն ու կազամուղներն են, որոնց կայուն եւ անվտանգ շահագործումը նման իրավիճակի մէջ ուղղակիօրէն անկարելի դարձած է:
Ատրպէյճանին սպասող հետեւանքները պիտի չուշանան:
-Թուրքիոյ կողմէն ատրպէյճանական տնտեսութեան վերջնական գաղութացում եւ իր աշխարհաքաղաքական ծաւալապաշտական շահերու սպասարկումին ծառայեցում,
-քարիւղարդիւնահանման ոլորտէն օտարերկրեայ ներդրումներու փախուստ,
ՀՆԱ-ի մօտաւորապէս 50 տոկոսի, իսկ արտահանման մօտաւորապէս 90 տոկոսի կրճատման իրական նախադրեալներ,
-խորացող աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներ, տարածաշրջանային եւ միջազգային լիակատար մեկուսացում, միջազգային տնտեսական պատժամիջոցներ,
-քաղաքական անկայունութիւն, յեղաշրջումներ, երկարաժամկէտ անկառավարելի իրավիճակ,
ընկերային լարուածութեան աննախադէպ խորացում եւ բախումներ,
-ի վերջոյ, արտաքին պատերազմի վերաճ ներքին՝ քաղաքացիական պատերազմի:
Այս իրողութիւնը ստիպուած են նկատի առնել Ատրպէյճանի արտաքին տնտեսական գործընկերները, որոնք անսահման օգտուած են ատրպէյճանական քարիւղի եւ կազի գերարդիւնահանումէն եւ արտահանումէն: Օտարերկրեայ ներդրումները այս ոլորտին մէջ ունին անհամեմատօրէն աւելի բարձր, չկառավարուող իրական վտանգներ, քան օրինակ խաղատներուն մէջ կատարուած մեծ խաղադրոյքներ:
Իսկ գերշահոյթներ ունենալու համար Ատրպէյճանին վճարուող քարիւղատոլարները կը սնին Թուրքիոյ պարտադրանքով եւ Ատրպէյճանի ձեռամբ պարբերաբար սանձազերծուող պատերազմները մեր տարածաշրջանին մէջ: Օտարերկրեայ վճարողները կը դառնան անուղղակի մասնակիցը տարածաշրջանային ընդգրկում ունեցող այս մարդակեր գործընթացներուն:
Այս վերջին պնդումը յատկապէս կը վերաբերի  այն երկիրներուն, որոնք իրականութեան մէջ ոչ տնտեսական գործօններով պայմանաւորուած գերօգուտներ ստանալու նպատակով ներգրաւուած են ատրպէյճանական քարիւղի արդիւնահանման ոլորտին եւ այդ քարիւղը կը շարունակեն ձեռք բերել շուկայականէն անհամեմատօրէն աժան գինով՝ պարբերաբար ականատեսը ըլլալով այս մահաբեր գործարքներու անմարդկային իրական հետեւանքներուն:
Այս տեսնակիւնէն առկայ իրողութիւնները փաստարկելու նպատակով կը շարունակենք Ատրպէյճանի արտաքին առեւտուրի ապրանքային եւ աշխարհագրական կառուցուածքներու ուսումնասիրութիւնը (աղբիւրը՝ https://tradingeconomics.com/azerbaijan):
Այսպէս՝ Իտալիան ատրպէյճանական արտահանման ամենամեծ ներկրողն է: Ատրպէյճանի արտահանման աշխարհագրական կառուցուածքին մէջ Իտալիոյ բաժինը ամենամեծն է՝ մօտաւորապէս 30 տոկոս կամ տարեկան մօտաւոր 5,7 միլիառ ամ. տոլար: Դէպի Իտալիա ատրպէյճանական արտահանման ապրանքային կառուցուածքին մէջ քարիւղի եւ կազի տեսակարար կշիռը գրեթէ100 տոկոս է:
Յատկանշական մէկ այլ փաստ. նախորդ չորս տարիներուն (2016թ. ապրիլեան քառօրեայ եւ 27 Սեպտեմբեր 2020-էն վերսկսած պատերազմներու միջանկեալ ժամանակահատուած) դէպի Իտալիա ատրպէյճանական քարիւղի եւ կազի տարեկան միջին արտահանումը աճած է մօտաւորապէս 2,5 անգամ՝ 2015թ. համեմատ:
Ուշագրաւ է, որ Ատրպէյճանի ներմուծման աշխարհագրական կառուցուածքին մէջ եւս Իտալիան ունի առաջատար դիրք՝ կը գտնուի առաջին տասնեակին մէջ: Աւելին՝ 2016-2019թթ. Իտալիայէն Ատրպէյճանի ներմուծումը աճած է տարեկան միջինը 10 տոկոսով:
Շարունակուող եւ թռիչքաձեւ աճող այս մահաբեր առեւտուրի տնտեսական գերօգուտները բաժին կը հասնին նաեւ Իտալիոյ:
Եւ այս հիմնական շարժառիթով պայմանաւորուած՝ Իտալիան օրերս դէմ արտայայտուեցաւ ԵՄ-ի կողմէն Թուրքիոյ նկատմամբ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրառելու մասին Յունաստանի առաջարկին:
Այնուամենայնիւ, անհրաժեշտ է գիտակցիլ.
Յարմար առիթի պարագային թուրք-ատրպէյճանական տանդեմը (միասնութիւնը-«Գ.») պիտի օգտագործէ Ատրպէյճանի կուտակած քարիւղատոլարները եւ առանց վարանելու պիտի խոցէ նաեւ Իտալիոյ խաղաղ բնակչութիւնը, հիւանդանոցները, եկեղեցիները …
Թադէոս Աւետիսեան
ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի
ծրագիրներու համակարգող, տնտեսագէտ