Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը հիմնուած է պահպանելու միջազգային խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը, ազգերու միջեւ զարգացնելու բարեկամական յարաբերութիւններ, հասնելու միջազգային գործակցութեան։
Վերջին տարիներուն, սակայն, նկատելի է ՄԱԿ-ի դերակատարութեան նահանջը խաղաղութեան հաստատման տարբեր գործընթացներուն մէջ։
Աւելին. ՄԱԿ-ը կոչուած է կանխելու ցեղասպանութիւնները, սակայն այս օրերուն ոչ մէկ դերակատարութիւն կ’ունենայ զինեալ ահաբեկիչները որպէս մարդկային վահաններ օգտագործող եւ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկելու մոլեգնութեամբ նախայարձակումներ կազմակերպող Ատրպէյճանն ու Թուրքիան դատապարտելու յստակ բանաձեւերով։
Արցախի վրայ օրերս տեղի ունեցող յարձակումներուն, պատերազմական յանցագործութիւններուն եւ սրբավայրերու քանդումին ընդառաջ, ՄԱԿ-ը, անկախ իր լիազօրութիւններու տարողութենէն, չդատապարտեց նախայարձակ Ատրպէյճանը, չարձագանգեց Ղազանչեցոց Ս. Ամենարփրկիչ եկեղեցւոյ դիտաւորեալ հրթիռակոծումին, լուռ մնաց Մարտունիի մէջ թուրք-ատրպէյճանական հրահրումով ահաբեկիչներու կողմէ հայ զինուորի մը գլխատման պատերազմական յանցագործութեան իրողութեան դիմաց, իսկ տարածաշրջանը թուրք-ատրպէյճանական  ծրագրաւորումով ահաբեկիչներու որջի վերածելու յստակ ծրագիրին մասին ոչ ՄԱԿ-ը, ոչ ալ  անոր Ապահովական Խորհուրդը արձագանգելու յանդգնութիւն ունեցան։
Քանի մը օր առաջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը  անարդարօրէն հաւասար կոչ ուղղեց հակամարտող երկու կողմերուն՝ դադրեցնելու կրակը, քաջ իմանալով որ Ատրպէյճանն էր նախայարձակ կողմը, որովհետեւ աւելի քան տարի մըն է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները կը հնչեցնէին Արցախը գրաւելու, նոյնիսկ Երեւանի մէջ թէյ խմելու իրենց մտադրութիւնը, որ կոպիտ խախտում էր դրացի երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին։
Իսկ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս որդեգրուած է Ազգերու Ինքնորոշման Իրաւունքը։
16 Դեկտեմբեր 1966-ին, ՄԱԿ-ի ընդհ. Ժողովը որդեգրեց քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքի միջազգային ուխտագիրը, որուն հիմնական առանցքը Ազզերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին միջազգային օրէնքով ամրագրումն էր։ Այս որոշումով ՄԱԿ-ը յանդուգն քայլ մը կ’առնէր սրբագրելու գաղութատիրական ուժերու կամակատարութեամբ գծուած եւ բռնութեամբ պահպանուած  քարտէզները եւ նոր մակարդակի կը բարձրացնէր խաղաղութեան եւ ազգերու իրաւունքներու անկորնչելի արժէքները։
ՄԱԿ-ի ընդհ. ժողովը, իր լիարժէք դերակատարութիւնը ի գործ դնելով, մինչեւ 1966 թուական ստորագրուած անկախ պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան համաձայնագիրներուն վրայ  կ’աւելցնէր Ազգերու Ազատ Ինքնորոշման իրաւունքը՝ իբրեւ նախապայման մարդկային իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ու քաղաքական ազատութեանց։
1976-ին միջազգային ընտանիքին մաս կազմող պետութիւնները արդէն ստորագրած էին այս համաձայնագիրը եւ ճշդած քաղաքակիրթ մարդկութեան կեանքը առաջնորդող անոր սկզբունքները։
Յիշեալ համաձայնագիրին առաջին յօդուածը կ՛ըսէր.
1-«ա.) Բոլոր ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունք։ Այդ իրաւունքին շնորհիւ, անոնք ազատ են սահմանելու իրենց քաղաքական կարգավիճակը եւ ապահովելու իրենց տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային զարգացումը։
բ.)   Բոլոր ժողովուրդները իրենց նպատակներուն հասնելու համար կարելիութիւն ունին ազատօրէն տնօրինելու իրենց բնական հարստութիւններն ու պաշարները, առանց խախտելու փոխշահաւէտ սկզբունքի վրայ հիմնուած միջազգային տնտեսական գործակցութիւնն ու միջազգային իրաւունքէն բխած իրենց պարտաւորութիւնները։ Ո՛չ մէկ ժողովուրդ, ո՛չ մէկ պատճառով պէտք է զրկել  իր գոյութեան համար անհրաժեշտ եւ իրեն պատկանող միջոցներէն։
գ.) Սոյն դաշնագիրին մասնակից բոլոր պետութիւնները, որոնց կարգին անոնք, որոնք պատասխանատուութիւն կը կրեն ինքնակառավարում չունեցող եւ խնամատարութեան տակ գտնուուղ տարածքներու կառավարման համար, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կանոնադրութեան դրոյթներուն համաձայն կը խրախուսեն ինքնորոշման ձեռքբերումը եւ կը յարգեն այդ իրաւունքը»։
Ցաւօք կարգ մը պետութիւններ, անտեսելով այս գերադաս իրաւունքը, բռնարարքներով կը փորձեն ոչ միայն իրենց կամքը պարտադրել, այլեւ յանցագործութիւններ իրականացնել ՝ ի տես ՄԱԿ-ին։
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ու միջազգային ընտանիքին մօտ մեր ձայնը մինչեւ վերջ բարձրացնելու վճռակամութիւնը տեղի տալու չէ։ ՄԱԿ-ը երկակի չափանիշներով չի կրնար պահել իր հեղինակութիւնը, ոչ ալ խաղաղութեան կը նպաստէ։
Արցախի պայքարը, անոր զաւակներուն  թափած արիւնը մեզ կը պարտադրէ  ուժի իրաւունքին զուգորդել իրաւունքի ուժը։
«Գ.»