Գառնիկ Գուզալեան
Այն օրը պատմութեան նիւթը Միջին դարերու վայրենի ցեղերու՝ հոներու, վիզիգոթներու եւ վանդալներու արշաւանքն էր: Չես գիտեր ի՛նչ զուգադիպութեամբ՝ այս անգամ հարցաքննուողը երկրորդ «եպիսկոպոս»  մըն էր՝ Վարդգէս Փանոսեան  անունով, ապագայ ֆրանսագիր   բանաստեղծ, վաղամեռիկ Vasco Varoujan-ը, որ իր կարգին Ս. Ղազարը ձգեր եւ միւսին հետ Ճեմարան էր եկեր:
-Դու եպիսկոպոս, արի՛ էստեղ:
Փանոսեան  կարծես անհամբեր կը սպասէր առիթը՝ պարպելու համար  իր  ակադեմական գիտելիքներու   տոպրակը,  որ միշտ լեցուն կ’ըլլար:
Ուստի գլուխը առած սկսաւ սանձարձակ արշաւել պատմութեան բաւիղներուն մէջ.
-«Այս ցեղերը Կեդրոնական Եւրոպայէն ճամբայ ելան, հասան մինչեւ Հռոմ, աւարեցին ու աւերեցին զայն, ապա իջան հարաւ, անկէ անցան Ափրիկէ, ուր նմանապէս աւարեցին ու աւերեցին  Կարթագէնը ու յետոյ անհետ կորսուեցան պատմութեան բեմէն»…
-Կեցի՜ր, եպիսկոպո՛ս,- սաստեց Գիւզալեան,- նրանք չեն անհետացել:
 -Նրանք անհետացել են, պարո՛ն,- ինքնավստահ պնդեց նախկին դպիրը՝ նմանակելով  Գիւզալեանի շեշտն ու բարբառը:
-Ա՜յ  չեպիսկոպոս, քեզ ասում եմ՝ նրանք չե՜ն անհետացել:
-Պարո՛ն, այսպէ՛ս գրուած է ձեր գիրքին մէջ:
-Էնտեղ սխալ գրուած է…
-Հապա ո՞ւր են,- քմծիծաղով մը հարցուց «չեպիսկոպոսը»՝ փորձելով վերլուծել այս առեղծուածը   եւ վերականգնել   կորսնցուցած եպիսկոպոսական վարկը:
Գիւզալեան հանդիսաւորապէս ոտքի կանգնեցաւ, աջ թեւը տարածեց օդին մէջ եւ լայն կիսաշրջանակ մը գծելով մեր գլխուն վերեւ՝ փորձելով ընդգրկել բոլորս անխտիր՝
-Ահա նրանք էստե՛ղ են,- յայտարարեց հանդիսաւորապէս:
Դասարանը կուշտուկուռ քրքջաց, բայց այս անգամ ոչ մէկ միջամտութիւն կատարեց Գիւզալեան եւ եգիպտական քուրմի մը պէս լուռ ու մունջ բազմեցաւ՝ յայտնապէս գոհացած իր կատարած բաղդատութենէն ու…գիւտէն:
* * *
Հակառակ այն իրողութեան, որ Աբգարեանի մէջ բաւական լաւ պատրաստութիւն ստացած էի հայոց եւ ընդհանուր պատմութեան մէջ,  անհամեմատօրէն աւելի, քան իրենց նախակրթութիւնը Ճեմարանի մէջ կատարած դասընկերներս,-  չեմ գիտեր ինչու, իմ յարաբերութիւնս որեւէ ատեն  ջերմ չեղաւ Գիւզալեանի հետ, գնահատանքի ոչ մէկ նշոյլ ցոյց տուաւ,  նայուածքին ու ձայնին մէջ միշտ պահեց  կծու երանգ մը,  եւ կացութիւնը շրջելու բոլոր  ճիգերս ապարդիւն մնացին, չըսելու համար՝   վատթարացուցին զայն:
Այն տարի  պատմութիւն նշանակուած էր  յետմիջօրէի առաջին պահուն:
Ես յաճախ  ստիպուած կ’ըլլայի Պուրճ-Համմուտի տունս  գալ կէսօրին ճաշելու: Երթեւեկը տեղի կ’ունենար հանրակառքով, որով  քալելու ալ բաւական տեղ ունէի: Այս բոլորը կէսօրուան մէկուկէս ժամուան դադարին  ընել կարենալու  համար կը խաղայի ահաւոր վազվզուք մը, որ շնչահեղձ կը դարձնէր   զիս:
Եւ ահա պատահեցաւ, որ օր մը քանի մը վայրկեան միայն ուշանամ, երբ արդէն զանգը տուած էր, ընկերներս դասարան մտած էին եւ դուռն ալ փակած: Զարկի դուռը, ու երբ բացուեցաւ, դէմս գտայ Գիւզալեանի շանթահարիչ նայուածքը:
-Մէկ էլ չփորձուե՛ս…չե՛ս մտնի…դո՜ւրս…
Ու չմտայ:
Քիչ ետք դասընկերուհիս՝ Շուշիկը, արտորանքով դուրս ելաւ ու  շփոթահար  վերադարձաւ գաւաթ մը ջուրով:
-Ի՞նչ կայ,- հարցուցի՝ իմ կարգիս անհանգստացած:
-Վիճակը լաւ չէ,- եղաւ պատասխանը,- գոյնը նետած է եւ շունչը դժուար կ’առնէ կոր, կարծեմ պիտի մեռնի …
Ու մտաւ ներս՝ առիթ չտալով  դատելու իրականութեան ու կատակի  բաժինը:
Բարեբախտաբար…չմեռաւ: Երեք տարի եւս պիտի ապրէր այնուհետեւ:
Բայց ժամանակ մը անց  կրկնուեցաւ իմ ուշացումս:
Այս անգամ  Գիւզալեան ոչ միայն արհամարհանքով մը արգիլեց դասարան մուտքս, այլեւ արտասանեց վիրաւորական այնպիսի ընդվզեցուցիչ բառեր, որ այստեղ չեմ կրնար արձանագրել, որովհետեւ կրնայ վիրաւորուիլ ինքը՝ հայոց լեզուն:
Իսկոյն որոշեցի վերջ տալ ուսումիս Ճեմարանի մէջ եւ հաստատ քայլերով դիմեցի դէպի ելքի դարպասը…սակայն դուրս չելայ, որովհետեւ ոչ մէկ հեռանկար ու այլընտրանք ունէի առջեւս, ուստի վերադարձայ, շուար, նուաստ ու անճար  նստայ կաղնիներուն տակ եւ սպասեցի՝  ձգելով, որ  անցնի այս փոթորիկն ալ…
Եւ շարունակեցի ճեմարանական մնալ:
* * *
Յաջորդ՝ 1955-56 տարեշարջանին, որ կը համապատասխանէր իմ Brevet-ի տարիիս, Գիւզալեան դադրեցաւ ուսուցելէ: Յոգնած էր, առողջական հարցեր ալ ունեցաւ, ինչպէս կը լսէինք:
Ձմրան արեւոտ ու տաքուկ օր մըն էր:
Կէսօրուան դադարին կ’ուղղուէի դէպի թիւ 1 շէնքը, ուրկէ ինք յուշիկ քայլերով կը յառաջանար հակառակ ուղղութեամբ: Կը կրէր լայն վերարկու մը, որ սակայն աւելի փոքրացուցած էր զինք:  Ձեռնոց դրած էր մէկ ձեռքին, միւսը ազատ էր: Կանգ առի, բարեւեցի, ազատ  ձեռքը առի ու համբուրեցի, վիճակը հարցուցի:
-Ա՜յ տղայ,- պատասխանեց  լայն շունչ մը առնելով,  առանց տարրական  ջերմութեան ու չոփ-չոր շեշտով մը,- ինձ սպանելուց յետոյ  վիճա՞կս ես հարցնում:
Սպանելուց յետոյ…ընդամէնը երկու անգամ ուշացեր էի դասերուն…
* * *
1965-ին Հայաստան կը գտնուէի սփիւռքահայ ուսուցիչներուն հետ:
Կապի կոմիտէութիւնը ամէն ճիգ կը թափէր, որ ամբողջ երկիրը  ճանչնայինք:
Այն օրը մեզ տարած էին Արագածոտնի կողմերը, ուր երկար մնացինք:
Վերադարձին՝  աջիս տեսայ  ցուցանակ մը, որուն վրայ կարդացի՝ Փարպի…
Ունեցայ ցնցում մը, որուն յաջորդեց ներքին ալեկոծում մըն ալ:
Շատ արագ կողմնորոշուեցայ եւ մեզի ուղեկցող զբօսավարէն  խնդրեցի, որ քանի մը վայրկեան այցելենք այդ գիւղը, որ «վերջապէս  Ղազար Փարպեցիինն է, ատով ալ կրկնակի նուիրական է, մէյ մըն ալ ո՞ւր, ինչպէ՞ս առիթը պիտի ներկայանայ» եւ այլն:
Յաջողեցայ համոզել,  եւ հանրաշարժը շեղեցաւ դէպի Փարպի, որ հեռու չէր:
Եւ քիչ ետք կը գտնուէի ահա այն հողին վրայ, ուրկէ քառասունհինգ տարի  առաջ հեռացած էր Գիւզալեան եւ որուն կարօտովը  ապրած, երազած ու վաղաժամ մեռած էր  պանդխտութեան մէջ:
Մեր առջեւ պարզուեցաւ հայկական տիպական գիւղ մը,- որուն նմանները  տեսեր էինք անցնող օրերուն,-   քանի մը հարիւր տուներով,  իր պապիկներով ու տատիկներով, մազերը կոնքերուն շաղ տուած պարմանուհիներով ու թխադէմ պատանիներով, փողոցները վխտացող ժիր ու առողջ,  կայտառ ու կուշտ  երկսեռ  մանուկներով:
Տարուած ու վերացած կը դիտէի շուրջս. սա անցնող տատիկին տարիքը պիտի ունենար ինք ալ,- կը մտածէի,-  եթէ սիրտը  քիչ մը աւելի առողջ ըլլար ու տոկար, թերեւս ճանչցած էր զայն, թերեւս…սիրած ալ էին զիրար, եւ ինչո՞ւ չէ:
Ուրեմն  այս գիւղին մէջ ծներ էին Ղազար Փարպեցին եւ իրմէ 1500 տարի ետք…Գառնիկ Գիւզալեանը: Հաւանաբար այս փողոցներուն մէջ ալ  վազվռտած ու խաղացած էին անոնք իրենց անհոգ մանկութեան օրերուն: Թերեւս հէնց սա՛ էր անոնցմէ  մէկուն կամ միւսին պապենական օջախը, թերեւս յաջորդը, երրորդը…ի՞նչ գիտնամ: Ուրեմն ասոր կարօտովն է, որ մղկտացած ու հիւծած էր Գիւզալեան, այդ կարօտն ալ դառնացուցած էր զինք, եւ ես այդ կարօտին զոհերէն  մէկն էի  միայն, կարօտ մը, որ ամբողջ 35 տարի հալածած ու ի վերջոյ չարացուցած էր զինք:
Ու ափսոսանքով մտածեցի, որ եթէ քիչ մըն ալ ապրէր, կրնար  գալ ու տեսնել  այն հայրենիքը, որուն համար զէնք կրած էր օրին, ճիշդ ինչպէս իր զինակիցը՝ Կարօ Սասունին,  մեզմէ քանի մը տարի ետք եկաւ ու տեսաւ զայն:
-Բաւարա՞ր է, գնա՞նք,-յանկարծ լսեցի առաջնորդին կիրթ ձայնը:
-Գնա՛նք,- կրկնեցի ու շարժեցանք:
* * *
Հիմա աւելի լաւ կ’ըմբռնէի զինք եւ կը զգայի, որ  խաղաղած է հոգիս, տարիներու ծանր բեռը, որ կուտակած էր Գիւզալեան իր կծու վերաբերումով, զգալապէս  թեթեւցած էր, եւ աւելի հաշտ ու սիրալիր դարձած էր անոր մտապատկերը  գիտակցութեանս պաստառին վրայ, ուր ան կը վերայայտնուէր իբրեւ գլխաւոր զոհը ճակատագրի:
Արմենակ Եղիայեան