Քանատայի Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանէն ներս Արցախի հարցով լսումներ տեղի ունեցած են, որոնց ընթացքին խորհրդարանականները դատապարտած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի գործողութիւնները:
Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբէն յայտնած են, որ Քանատայի Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանը Թուրքիան ՆԱԹՕ-էն հեռացնելու առաջարկ տուած է, ինչպէս նաեւ քննարկած է Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման հարցը: