Արեւը իր շողերը սկսած էր արձակել Արցախի հորիզոնին։
Նոր առաւօտ մը կը բացուէր աշխարհին վրայ, եւ այդ առաւօտը տեղեր խաղաղութեամբ կը բացուէր եւ ուրիշ տեղեր՝ վտանգով լի ու անապահովութեամբ։ Արցախին բաժին ինկած էր վերջին տեսակի առաւօտը, բայց տակաւին օրեր առաջ արդէն այդպէս չէր։ Ժողովուրդը իր բնականոն կեանքը կ’ապրէր՝ երեխան իր դպրոցը կ’երթար, երիտասարդը՝ իր համալսարանը ու երէցները՝ իրենց գործին։
Արցախցիին համար սակայն նորութիւն մը չէ այս պատերազմը։ Ան քաջ գիտակցած է, որ կը գտնուի թշնամիին քթին տակ, ու կ’երկարի մինչեւ անոր աչքը՝ որպէս փուշ։ Գիտէ, որ տեւական յարձակման սպառնալիքի տակ է, որ գայլն իր ախորժակը սրելու ու դարաւոր երազը կատարելու պատրաստակամութիւնը միշտ ունեցած է։
Վերջին օրերուն Արցախի փողոցները զիջեցան իրենց եռանդը Արցախի նկուղներուն։ Ու կեանքը սկսաւ շարունակուիլ այնտեղ։
Իւրաքանչիւրը ունէր այնտեղ իր ընելիքը։
Ուսուցիչը կը հաւաքէր պատանիները ու կը շարունակէր անոնց դասաւանդել, ոչ այնքան գիտութեան սիրոյն, որքան անոնց միտքը զբաղեցնելու եւ ահն ու սարսափը մեղմացնելու ու անոնցմէ հեռացնելու միտումով։
Քահանան իր շուրջ կը հաւաքէր հաւատացեալները եւ աղօթք կը բարձրացնէր առ Աստուած, եւ սարկաւագի բռնած բուրվառէն բարձրացող ծուխը նկուղին մէջ՝ պահը աւելի խորհրդանշական կը դարձնէր։
Տատիկներն ու պապիկները ձեռքերը միացուցած, աչքերը փակ կ’աղօթէին ո՛չ իրենց համար, այլ իրենցմէ ոչ շատ հեռու գտնուող երիտասարդ հոգիներուն համար։
Երիտասարդ հոգիներ.
Որովհետեւ ոմանք տարիքով երիտասարդ չէին, այլ հոգիներն էին երիտասարդ…
Այրերը տեղափոխութիւնները եւ կարգադրութիւնները կ’ընէին, պէտք եղածին չափ նկուղը ապահով դարձնելու համար, իսկ կիները կը փորձէին շինել իրենց ընտանիքի տաքուկ անկիւնը, ուր երեխաները պիտի դիմէին օրուան աւարտին։
Հայ ու ոչ-հայ լրագրողներ կ’այցելէին անոնց, բարձրախօսները անոնց բերնին մօտեցնելով կը փորձէին բառեր ու զգացումներ կորզել, բայց յաճախ կը ձախողէին։ Իրենց փնտռածը պէտք էր գտնէին այս ժողովուրդի հոգիին ու պատմութեան մէջ, բայց ոչ լեզուին վրայ։
Արցախի փողոցները անկենդան չէին, բայց կեանքը թաքստոցներուն մէջ աւելի եռուն էր։
***
Երիտասարդը քանի ժամ քնանալէ ետք, արթնցաւ ո՛չ ինքնաբերաբար, ո՛չ ժամացոյցով, ո՛չ իր մայրն էր արթնցողը, ոչ ալ իրենց դրացիին բարձր ձայնը։ Քլաշինքոֆներու լարոցի ձայնին տակ էր որ արթնցաւ այսօր։ Հերթափոխութեան ժամն էր։ Ձախ անկողինին վրայ նստած էր իր ընկերը՝ Կարօն, որ նոյնինքն ձախ կողմի հսկող տղան էր խրամատին մէջ։
Երիտասարդը իր առաւօտեան ծխախոտը անյագօրէն ներս կը քաշէր։
Կարոյին հետ այս ընկերութիւնը սկսած էր Արցախ տանող հանրակառքին մէջ։ Երկու երիտասարդ տղայ, քով քովի նստած անծանօթներ, կը նոյնանային իրենց ընտրած ճամբով, բայց կը տարբերէին իրենց ետեւ ձգած մարդոցմով ու բաներով։
Կարօն, 19 տարեկան երիտասարդ, դեղնորակ ու նիհար, բայց կազմուած ու քաշ մարմինով՝ հիւանդապահուհիի մը երազն էին իր բազուկները, թեւի մակերեսային երակները երեւելի էին ու դիւրութեամբ կրնար մէկը անկէ արեան քննութեան համար օրինակ մը առնել։ Եւ այդ օրինակին վրայ քննութիւններ կատարելով, կրնար ախտանշաններ գտնել, այլ հիւանդութիւններ հերքել, բայց այն ինչ կը վազէր այնտեղ, այդ արեան մէջ որպէս իր հոգիին բաժին՝ չէր կրնար գտնել մարդու շինած արդիական բժշկական սարքերը օգտագործելով։
Կարօն պայմաններով ու նիւթական վիճակով՝ կը գերադասէր երիտասարդին։ Ունէր իր անձնական տունն ու ինքնաշարժը, զորս հայրը գնած էր իրեն համար ի պատրաստութիւն ապագայ օրերուն։
Սակայն Կարօն ինչ կորսնցուցեր էր այս երկրէն, աւելի սուղ էր քան ինչ ունէր այս երկրին վրայ։
Հայրը 8 Մայիսի 1991-ին, բարձունքը բարձրացող տղոցմէ էր, որոնք ոչ միայն յաղթեցին մահուան, այլ նաեւ կեանքին։
Անոնք յաղթական վերադարձան տուն ու շարունակեցին զայն կառուցել։ Արամը՝ առջինեկը, 8 տարեկան էր, երբ ամոլը ունեցաւ իր երկրորդ մանչը՝ Կարօն։
Հայրը յաջողած էր տարիներու ընթացքին բարելաւել ընտանիքի նիւթական վիճակը հետզհետէ իր գործի մաշտապները ընդլայնելով։ Երկու հազար թուականի երկրորդ տասնամեակի կիսուն, հայրը արդէն դարձած էր գինեգործութեամբ զբաղող քաղաքի յայտնի դէմքերէն մէկը։
2016-ի Ապրիլին էր, նոր պատերազմ մը սկիզբ առաւ։
Այս անգամ հայրը մինակը չէր, Արամն ալ անոր հետ գնաց, ու հակառակ Կարոյին երթալու փորձերուն, հայրը կտրականօրէն մերժեց անոր երթալը։ Տունն ալ մէկը պէտք էր մնար մօր քով…
Եւ քառօրեայ պատերազմի առաջին երկու օրերը միայն բաւարար էին, որ Կարօն իր հայրն ու եղբայրը կորսնցնէ։
Կարօն կ’երթար կռուելու այն հողին վրայ, ուր շաղախուած էին հօր ու եղբօր արիւնը…
***
Հիմա ինք գիտէր ինչու հոս էր, Արցախ տանող ճամբուն վրայ պատմած էր այս բոլորը երիտասարդին։
Երիտասարդը նայեցաւ Կարոյին եւ ինչ որ ձեւով մը իր «վրէժ»ը լուծեց ըսելով «Ախպերը՜ս, մտահո՞գ ես, ինչ որ բա՞ն ես մտածում», ճիշդ նոյն այն բառերով ինչպէս օր մը առաջ Կարօն ըսած էր իրեն խրամատին մէջ։
«Լա՜ւ, վերջ» հեռուէն ըսաւ Միքայէլ, որ հեռուն կեցած, իրենց երեքին առաւօտեան սուրճը կը պատրաստէր։
Կարօն երկուքին մէկ նայելով, սկսաւ բարձրաձայն մտածել.
– Միակ մտահոգութիւնս մօրս վիճակն ա։ Ես կորցնելիք բան չունեմ, բայց եթէ մի դժբախտութիւն պատահի, տուժելու ա միայն մայրս։ Երկար կեանք մը ապրի նոյնիսկ, հօրս թողած ժառանգը հերիք ա նրան, սակայն այն ինչ կորցրեց կամ կարող ա կորցնել ոչ ոք ու ոչ մի բան կարող ա վերադարձնել նրան։
– Լա՜ւ, ինչեր կը ձաբռտես,- միջամտեց երիտասարդը,- մահէն վախցողը այստեղ չէր ըլլար, ի հարկէ, բայց մենք տակաւին կեանք ունինք շարունակելիք, մեր քաղաքացիական պարտքը պիտի կատարենք ու վերադառնանք մեր տուները առողջ ու ապահով։ Հայաստանը, Սփիւռքն ու հայութիւնը մեզ կը դիտեն ու միաբերան կը գոռան «Յաղթելու Ենք», մենք պարտական ենք այդ մէկը իրականացնելու թէկուզ մեր դիերով, բայց մեր տուն վերադարձով ա՛լ աւելի։
Միքայէլ սրճեփն ու երեք սկահակները բերելով տեղաւորուեցաւ Կարոյին քով, մինչ երիտասարդը քովի անկողինին վրայ կը շարունակէր պառկած մնալ։
Այդ պահուն ներս մտաւ Քերոփը, Ստեփանակերտի Աւետիք Իսահակեանի անուան դպրոցի աշակերտը, որ առանց ծնողքին լուր տալու փախած ու հասած էր հոս։
– Հա՜, Քերոփ, այսօր ի՞նչ բերած ես մեզի,- հարցուց երիտասարդը։
– Փետ, որ գիշերը տաքանաք։
– Արի, արի։
Ու երիտասարդը իր քով դրուած սեղանիկի մէկ դարակը բացաւ ու մէջի տոպրակը առաւ, անոր մէջինը հանեց եւ վրայի թուղթը հանելէն ետք տուաւ Քերոփին։
– Էս ի՞նչ ա, – հարցուց պատանին։
– Snickers։
– Պա ձեռքի՞նդ։
– Նամակ։
– Ումի՞ց։
– Չեմ գիտեր։
Սրճեփը պարպուած էր ու երեք սկահակները լեցուած էին, եւ երբ երեք երիտասարդները կը պատրաստուէին իւրաքանչիւրը իր բաժինը առնել, ահազանգը հնչեց ու մոխրագոյն, երկաթեայ դրան վրայ դրուած կարմիր լոյսը սկսաւ վառիլ։
Գնդապետը ներս մտաւ.
– Տղե՛րք, զգա՛ստ։ Յարձակում է կատարւում։
Քերոփը իր եկած ճամբայէն վազելով վերադարձաւ եւ տղաքը անմիջապէս ելան իրենց տեղէն եւ առին իրենց դիրքերը։
Մինչ անոնց սուրճերը բերնէ-բերան լեցուն՝ կը մնային անկողինին վրայ։
(Շարունակելի)
Քրիստ Խրոյեան
Նկարը՝ Գերման Աւագեան