«Էրմէնիհապեր».-Սէուտական Արաբիան կը շարունակէ իր ոչ պաշտօնական կեցուածքը թրքական ապրանքներուն դէմ: Արարքին միացած են Սէուտական Արաբիոյ ամենամեծ սննդանասակարարման ցանցը` «Herfy» ընկերութիւնը եւ կից գործող «Savola Group»ը:
«Savola Group»-ը յայտարարած է, որ արդէն թրքական «պըրկըր»ի փոխարէն պիտի վաճառեն յունական «պըրկըր» ը եւ պիտի դադրեցնեն թրքական որեւէ տեսակի արտադրանքներու ներմուծումը թագաւորութիւն:
Թրքական լրատուամիջոցները, անդրադառնալով նիւթին, յայտնած են, որ «Savola Group»ին կը պատկանի Թուրքիոյ իւղի արտադրութեան ոլորտին առաջատար «Yudum» ընկերութիւնը: Վերջինս, ըստ Իսթանպուլի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի տուեալներուն, Թուրքիոյ արդիւնաբերութեան ոլորտի մեծութեամբ 161-րդն է: