«Արմէնփրէս».- Եւրոմիութեան արտաքին գործոց ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ, Եւրայանձնաժողովի փոխնախագահ Ժոզէֆ Պորել եւ ԱՄՆ պետքարտուղար Մայք Փոմփէօն հեռաձայնային զրոյցով կոչ ուղղած են արտաքին ուժերուն զերծ մնալու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ գործողութիւններէն, որոնք կրնան մեծցնել լարուածութիւնը տարածաշրջանի մէջ: Զրոյցին մասին հաղորդագրութիւնը հրապարակած է ԵՄ պաշտօնական կայքը` տեղեկացնելով, որ Պորելն ու Փոմփէօն ընդգծած են բռնութեան անյապաղ դադրեցումը եւ հրադադարը յարգելու անհրաժեշտութիւնը:
«Անոնք կոչ ուղղած են կողմերուն առանց յետաձգման ներգրաւուելու բովանդակային բանակցութիւններուն մէջ` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին ներքոյ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: