Կազմակերպութեամբ Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան, Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Սուրիոյ Երիտասարդաց Միութեան, Կիրակի, 25 Հոկտեմբեր 2020֊ին, տեղի ունեցաւ ցոյց եւ ժողովրդային հաւաք՝ ի զօրակցութիւն Արցախի եւ ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն։

Հալէպի Ազիզիէ շրջանը թնդաց հայ երիտասարդներու բողոքի կանչերով, «Արցախը Հայաստան է» , «Վերջ Ցեղասպանութեան» , «Յաղթելու ենք» լօզունքներով։
Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Բերիոյ Թեմի Ազգ. Վարչութեան անդամ, փաստաբան Պայքար Թովմասեան, իսկ Հայերէնով՝ Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի անդամ, փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան։

Այս առիթով Ատրպէյճանն ու Թուրքիան դատապարտող եւ Արցախին զօրակցող խօսքեր արտասանեցին նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան,
Սուրիոյ Ազգային Հասարակական Կուսակցութեան ներկայացուցիչը,
Սուրիական Աղեքսանտրեթի Միութեան ներկայացուցիչը,
Սուրիոյ Արաբական Ընկերվարական Կուսակցութեան ներկայացուցիչը, Սուրիոյ
Ազգային պահակագունդի ներկայացուցիչը,
Պաղեստինցի ժողովուրդի,
Արաբ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչները,
Իսլամ կրօնաւոր Շէյխ Ճամալ Համմաշ եւ Բերիոյ հայոց Թեմի Առաջնորդ
Գերաշնորհ Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։
Աւելի քան 3000 հալէպահայեր, պետական, կրօնական, կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ շեշտեցին Արցախի հայութեան արդար պայքարին իրենց զօրակցութիւնը։

Ազգային_հայրենասիրական երգերով երիտասարդութիւնը իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի մեր հերոսներուն։

Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ։