«Էրմէնիհապեր».-Հոլանտայի ընդդիմութեան ճամբարի «Ազատութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Կիիրթ Վիլտըրս Twitter-ի մէջ ցնցող գրառում կատարած է, որ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է ընկերային ցանցերուն եւ թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ:
Վիլտըրս հրապարակած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը պատկերող ծաղրանկար, ուր ծաղրի ենթարկած է թէ՛ Էրտողանը, եւ թէ անոր ղեկավարած «Արդարութիւն եւ Զարգացում» (ԱԶԿ–AKP) կուսակցութիւնը: Հոլանտացի քաղաքական գործիչը իր հրապարակած ծաղրանկարին կից գրառում կատարած է` Էրտողանը անուանելով ահաբեկիչ:
Վիլտըրս աւելի ուշ մէկ այլ ցնցիչ գրառում կատարած էր` յայտնելով․ «Անոնք, որոնք կը սիրեն Էրտողանը թող չքուին այս երկրէն»:
Թուրքիոյ նախագահականի հանրային կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթուն արձագանգած է հրապարակուած ծաղրանկարին: Twitterի մէջ ան գրած է, որ թուրքերուն համար Եւրոպան աստիճանաբար կը վերածուի աւելի վտանգաւոր վայրի: