«Արմէնփրէս».- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կլէնտէյլ քաղաքը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Քաղաքային Խորհուրդը անկախութեան ճանաչման բանաձեւը ընդունեց միաձայնութեամբ հեռավար կարգով տեղի ունեցող նիստին:
Արցախի անկախութեան ճանաչման բանաձեւը հեղինակած էր Կլէնտէյլի քաղաքապետ Վրէժ Աղաջանեան: Բանաձեւին մէջ յիշուած է, որ Արցախի Հանրապետութիւնը, որ յայտնի է նաեւ, որպէս Լեռնային Ղարաբաղ, պատմականօրէն հայկական տարածք է, որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը մշտապէս եղած են հայեր:
«Արցախի Հանրապետութիւնը ազատ, ինքնիշխան պետութիւն է` հիմնուած միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու վրայ: 27 Սեպտեմբերէն մինչեւ այսօր Արցախի եւ Հայաստանի մէջ հայերու դպրոցները, հիւանդանոցները, եկեղեցիները եւ տուները յարձակման ենթարկուած են Թուրքիոյ եւ Արպէյճանի կողմէն, որոնք նպատակ ունին շարունակել ցեղասպանութիւնը», ըսուած է բանաձեւին մէջ:
Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու կոչ ուղղուած է նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ ԱՄՆ Քոնկրէսին:

Նորայր Շողիկեան