«Ազդակ».-Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան եւ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ հակաթրքական ցոյց մը` Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց:
Ցոյցին ներկայ էին շուրջ 200 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք յեղափոխական երգերով եւ զանազան տեսակի հակաթրքական կարգախօսներ արձակելով բողոքեցին դեսպանատան առջեւ: Բողոքի ցոյցին հիմնական նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջամտութիւնը Արցախի վրայ Ատրպէյճանի շղթայազերծած վերջին յարձակումներուն: Ցուցարարները շեշտեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի անմարդկային արարքները` ընդգծելով անմեղ ժողովուրդի մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը: Բողոքի ցոյցին ընթացքին դաշնակցական երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու անդամները զանազան կոչերով եւ կարգախօսներով իրենց բողոքը արտայայտեցին թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտութեան դէմ:
Բողոքի ցոյցին ընթացքին ցուցարարները հրկիզեցին Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի դրօշները: