«Արմէնփրէս».-ՀՀ Ազգային ժողովը առաջին ընթերցումով ընդունեց «Պաշտպանութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին եւ յարակից օրէնքներու մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրէնսդրական փաթեթը, որ ստեղծուած է աշխարհազօր ու եւ սահմանուած է այդ եզրոյթը:  Օրէնսդրական փաթեթը 27 ՀոկտեմբերԻՆ հրաւիրուած ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ արտահերթ նիստԻՆ ներկայացուց Պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Գաբրիէլ Պալայեան:
«Օրէնսդրօրէն սահմանուած է աշխարհազօր եզրոյթը, որպէս ՀՀ-ի վրայ զինեալ յարձակման, անոր անմիջական վտանգի առկայութեան կամ ռազմական գործողութիւններու պայմաններով ՀՀ զինեալ պաշտպանութեան կամաւորութեան սկզբունքով քաղաքացիներուն մասնակցութեան համար: Աշխարհազօրը պիտի գործելէ տարածքային սկզբունքով եւ ըստ ՀՀ վարչատարածքային բաժանման, պայմանականօրէն բաղկացած պիտի ըլլայւ զօրամիաւորումներէն, անոնց ենթակայ պրիկադներէն եւ գումարտակներէն: Աշխարհազօրի ընդհանուր ղեկավարումը կ’իրականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու գլխաւոր շտապի պետը` զինեալ ուժերու պատրաստութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ ձեւաւորուած աշխարհազօրային շտապի միջոցով», ըսաւ Պալայեան:
Գաբրիէլ Պալայեան աւելցուց, որ աշխարհազօրայինի հետ պիտի կնքուի պայմանագիր, անոր պիտի ամրակցուի զէնք, պիտի յատկացուի զինուորական համազգեստ եւ աշխարհազօրայինը պիտի նշանակուի համապատասխան պաշտօնի:
Օրէնքի նախագիծը առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ միաձայն` 71 կողմ ձայնով»: