«Հորիզոն».-Կիրակի 25 Հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմինը կազմակերպած էր ինքնաշարժներու շարասիւնով երթ մը, ի յարգանս Արցախեան պատերազմին նահատակ հերոսներուն։ Երթը սկիզբ առաւ Լաւալի Ցեղասպանութեան յուշարձանէն, ընթանալով մինչեւ Մոնթրէալի Ցեղասպանութեան յուշարձան:
Մոնթրէալի Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ բոլորուելով, երթի մասնակիցները յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախի նորօրեայ նահատակ հերոսներուն յիշատակին: Ներկայ էին եկեղեցական, յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներ:
Կիրարկուեցան ելոյթներ ու կոչեր:
ՀՅԴ Քանատայի ՔԵՄ «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի անունով ելոյթ ունեցաւ ատենապետը՝ Մովսէս Արզումանեանը, որ նշեց, թէ հայկական բանակը իր սխրագործութիւններով կը պաշտպանէ հայրենի հողը, իսկ սփիւռքի պատնէշը վերապահուած է երիտասադութեան, որոնք օրն ի բուն կ’աշխատին մեր արդար դատը ճանաչելի դարձնելու համար օտար պետութիւններուն:
Յանուն ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան ելոյթ ունեցաւ Անի Օհանեանը, որ յայտնեց թէ ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցը պատերազմի առաջին իսկ օրէն իր նիւթաբարոյական օժանդակութիւններով սատար հանդիսացաւ հայ զինուորին ու Արցախի հայրենակիցներուն: Ան նշեց, որ երթը կը շարունակուի եւ ՀՕՄ-ը ջանասիրութեամբ կը գործէ յանուն յաղթական բանակի, յանուն Հայաստանի բարգաւաճման:
ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անունով ելոյթ ունեցաւ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Ընկ. Մհեր Գարագաշեան: Ան հայ զինուորները նմանցուց Մամիկոնեան տոհմի քաջարի մարտիկներուն, որոնք ուխտեցին հայրենի հողին համար նահատակուիլ, քան թէ ապրիլ օտարի լուծին տակ: «Այսօր ալ մեր քաջարի բանակը հաւատարիմ Մամիկոնեաներու ուխտին, նոյն սխրանքներով ու սկզբունքներով կը պաշտպանէն հայրենիքը», եզրափակեց ընկ. Գարագաշեան, խրախուսելով միասնական պայքարի կարեւորութիւնը՝ յանուն մեր հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին:
Աւարտին, Քանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան «Պահպանիչ» ով փակեց հանդիսութիւնը: