«Երկիր Մետիա».-Գիշերուան ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին կայուն-լարուած ներգործող իրադրութիւնը էական փոփոխութիւններու չէ ենթարկուած:
Կէսգիշերէն վերջ եւ վաղ առաւօտեան հակառակորդը վերսկսած է Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերու թիրախաւորումը: Մասնաւորապէս թշնամական ուժերու կողմէ համազարկային կրակի «Սմերչ» համալիրներէն հրթիռակոծութեան ենթարկուած են Ստեփանակերտը, Շուշին եւ յարակից խաղաղ բնակավայրերը:
Քիչ առաջ ՊԲ-ի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու կողմէն ոչնչացուած է թշնամական հերթական «պայրաքթար» տիպի հարուածային անօդաչուն:
Պաշտպանութեան Բանակաի ստորաբաժանումները կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել առաջադրուած մարտական հարցերը` ներգործող-մարտավարական իրադրութիւնը պահելով վերահսկողութեան տակ: