«Երկիր Մետիա».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան դիմատետրի իր էջով յայտնած է, որ ռազմական գործողութիւնները առաջնագիծի տարբեր ուղղութիւններով ուժգին կերպով կը շարունակուին: Պաշտպանութեան Բանակը, յատկապէս, բուռն մարտեր կը մղէ Ասկերանի շրջանի Աւետարանոց, Սղնախ եւ Ակնաղբիւր հատուածին մէջ: Թշնամին ունի կենդանի ուժի մեծ կորուստներ: