29 Հոկտեմբերին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան ըսաւ, որ ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը վերահաստատէ այն սկզբունքային դիրքորոշումը, որ Արցախի բնակչութեան գոյութիւնը կարելի չէ Ատրպէյճանի իրաւասութեան ներքոյ: Այս մասին,Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւններն ու Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու գործողութիւնները, որոնց մենք ականատես կ’ըլլանք, ցոյց կու տան , որ Ատրպէյճանին նպատակն է հայաթափել Արցախը, բնաջնջել Արցախի բնիկ ժողովուրդը եւ Ատրպէյճան Արցախը կ’ուզէ առանց այդ բնիկ ժողովուրդին: Արցախի բնակչութեան գոյութիւնը կարելի չէ Ատրպէյճանի իրաւասութեան ներքոյ: Արցախի դէմ լայնածաւալ արարքին առաջին օրուընէ Ատրպէյճանի գործողութիւնները ուղեկցուած են պատերազմական կանոններու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներով, որոնք աւելի քան խօսուն են», ըսաւ Նաղդալեան:
Նաղդալեան աւելցուց, որ այդ պատերազմական յանցագործութիւններէն է քասեթային ռումբերու կիրառումը Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ: