Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը դիմած է ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններու Դեմոկրատ թեկնածու Պայտընին` կոչ ուղղելով ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը:
«Յարգելի Պայտըն, Ատրպէյճանի կողմէն ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած հրադադարի մասին համաձայնութեամ խախտման լոյսին տակ` Դուք պէտք է ճանչնաք Արցախի Հանրապետութիւնը` որպէս անյապաղ եւ անհրաժեշտ պատասխան Պաքուի եւ Թուրքիոյ ու Իսլամական պետութեան իրենց դաշնակիցներու կողմէն հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուող ցեղասպանական արշաւին», ըսուած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախմբի թուիթերեան հաղորդագրութեան մէջ: