Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ նախագահութեան կայքէջը հաղորդեց, որ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց պատուիրակութիւն մը, որ կ՚ընդգրկէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւններէն ներկայացուցիչներ, նախագահութեամբ Ռուսիոյ նախագահի անձնական բանագնաց Ալեքսանտր Լաւրենթեւի։
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան յառաջիկայ ամսուան ընթացքինԴամասկոսի մէջ տեղի ունենալիք տեղահանուածներու հարցերու յատուկ միջազգային խորհրդաժողովին շուրջ եւ զայն լաւագոյն կերպով կազմակերպելու, դրական արդիւնքներով եզրափակելու միջոցներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու շուրջ։
Կողմերը յայտնեցին, որ խորհրդաժողովը մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման պիտի գտնուի, մանաւանդ, որ կարգ մը պետութիւններ կը ջանան խորհրդաժողովը ձախողութեան մատնել կամ ճնշել մասնակցող պետութիւններուն վրայ, սակայն այդ մէկը պիտի չյաջողի որովհետեւ խորհրդաժողովին նպատակը զուտ մարդասիրական է, եւ կը միտի միայն տեղահանուածներուն տուն դարձը ապահովել։
Ռուսական պատուիրակութեան անդամները բազմաթիւ սուրիացի տեղահանուածներ ընդգրկող երկիրներ այցելելէ ետք, նախագահ Ասատին ներկայացուցին անոնց իրավիճակը։
Իր կարգին Ասատ երախտագիտութիւն յայտնեց Ռուսիոյ, որ ճիգ չի խնայեր այս խորհրդաժողովը յաջողցնելու համար։