Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին, Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2020-ին, Ազգ. Միացեալ Վարժարանի ներքնասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի եւ Մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն ամիսներ առաջ սկիզբ առած համակարգչային գիտելիքներու յատուկ դասընթացքի փակման հաւաքը, ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, Հոգեշնորհ Տ. Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեանին, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչին, Ուսումնական Խորհուրդի կազմին, Ազգ. Վարժարաններու Հոգաբարձութեան, Խնամակալութեան, Տնօրէններուն, Մանկապարտիզպանուհիին, դասընթացքի դասատուին եւ մասնակցող ուսուցչուհիներուն:

Բացումը կատարեց Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ օրդ. Սիլվա Ճապաղջուրեան: Ան ողջունեց ներկաները ըսելով. «Առաջնորդ Սրբազան Հօր ուղենշային յորդորներով, Ազգ. Վարչութեան քաջալերանքով, Ազգ. վարժարաններու Տնօրէնութեանց եւ Հոգաբարձութեանց անմիջական օժանդակութեամբ, Ուսումնական Խորհուրդին յարատեւ աշխատանքով եւ ձեր ներկայութեամբ, սիրելի՛ ուսուցչուհիներ, կարելի դարձաւ իրագործել այս աշխատանքը, որ կը միտի առաւել եւս զարգացնել համակարգչային գիտելիքներու ձեր ունակութիւնը՝ զայն ի սպաս դնելու մեր աշակերտներուն դաստիարակութեան եւ ուսումնական առաւել օգտաշատ աշխատանքին»:

Օրդ. Սիլվան նշեց, թէ հակառակ երկրին մէջ տիրող առողջապահական վատ իրավիճակին դասընթացքը յաջողութեամբ հասաւ իր աւարտին, ապա ընդգծելով ներկայ դարու պահանջքին հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութիւնը ըսաւ. «Դասընթացքը կը միտի քայլ պահել միջազգային եւ համաշխարհային ուսումնակրթական կեանքին մէջ ընթացք առած նոր ձեւի մը, որ առցանց դասաւանդութեան ձեւն է, հետեւաբար միշտ պատրաստ պէտք է ըլլանք, համակերպինք նոր պայմաններուն եւ մեր առաքելութիւնը լաւագոյնս իրագործենք»:
Ճապաղջուրեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց դասընթացքի դասատու Դոկտ. Ֆատի Մաքտիսին, որուն անխոնջ եւ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ ծրագիրը լաւագոյն կերպով իրագործուեցաւ:

Այնուհետեւ, դասատու Ֆատի Մաքտիս ցուցադրեց դասընթացքին մասնակցող իւրաքանչիւր խմբակէն «power point»-ի միջոցաւ պատրաստուած դասանիւթի մը ներկայացումը: Իր կարգին Մաքտիս խօսք առնելով յայտնեց, որ բոլոր պատրաստուած ներկայացումները, որպէս սկսնակ անձերու կողմէ պատրաստուած ներկայացումներ լաւ մակարդակով յատկանշուեցան:

Մաքտիս անհրաժեշտ նկատեց դասընթացքին փոխանցուած համակարգչային գիտնելիքներու գործնականացումը, որպէսզի անոնք մոռացումի չենթարկուին: Մաքտիս եզրափակելով իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ուսումնական Խորհուրդի անդամներուն, վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ բոլոր պատասխանատու կողմերուն, որոնք լուրջ աշխատանք տարին եւ ճիգ թափեցին այս օգտաշատ ծրագիրը յաջողցնելու համար:

Ապա, Օրդ. Սիլվա Ճապաղջուրեան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարելու հաստատագիրներու բաշխումը: Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այս առիթով արտասանեց իր սրտի խօսքը, յայտնելով, որ պսակաձեւ ժահրի համավարակի ճգնաժամը կրթական համակարգը փոփոխութեան ենթարկեց, հետեւաբար այս դասընթացքը կը միտի ուսումնական ասպարէզէն ներս տեղի ունեցած փոփոխութեան հետ քայլ պահել:

Մասիս Եպիսկոպոս յայտնեց, թէ ուսումնական ծրագիրները արդիւնաւէտ դարձնելու համար անհրաժեշտ է ուսանողներուն վերաբերմունքը, ինչպէս նաեւ ծնողք-ուսուցիչ փոխ յարաբերութիւնը: Ապա կարեւորելով առցանց ուսուցումը Սրբազան Հայրը այս հանգրուանին ուսումնական առցանց ծրագիրներու յաջողութեան համար ընդգծեց հիմնական երեք մօտեցումներ՝ ուսուցիչին խանդավառութիւնը, ծնողքին աջակցութիւնը եւ աշակերտին մասնակցութիւնը:

Սրբազան հայրը թելադրեց, որ այս դասընթացքները ըլլան արդիւնաւէտ եւ ո՛չ ձեւական: Ան խորհուրդ տուաւ դրական տրամադրութեամբ մօտենալ եւ աշակերտները ներգրաւել ուսումնակրթական այս նոր համակարգին մէջ, դասարանի հոգեբանութեան եւ մթնոլորտին մէջ պահելով զիրենք:

Մասիս Սրբազան եզրափակելով կոչ ուղղեց Ուսումնական Խորհուրդին, թելադրելով, որ յաճախ նման օգտաշատ դասընթացքներ կազմակերպեն, որպէսզի ուսուցիչները զարգացնեն իրենց համակարգչային գիտելիքները եւ համակարգիչի օգտագործմամբ գիտութիւնը աշակերտներուն փոխանցեն:

Այնուհետեւ ներկաները սրահ ուղղուեցան եւ խմբային լուսանկար մը առին, որմէ ետք դպրոցի բակէն ներս պատրաստուած հիւրասիրութեան հրաւիրուեցան:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդութիւն