Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ նորանշանակ նահանգապետներ՝ Ապտուլ Ռազզաք Խալիֆա ՝Ռաքքա, Ապտուլ Հալիմ Խալիլ՝ Քունէյթիրա, Ֆատէլ Նաճճար՝ Տէր Զօր եւ Մուհամմէտ Նաթթուֆ՝ Իտլիպ, իրենց երդման արարողութիւն կատարեցին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատին դիմաց:
Յետ երդման արարողութեան, նախագահ Ասատ հանդիպում ունեցաւ նորանշանակ նահանգապետներուն հետ, ներկայութեամբ Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուսի եւ Կենսոլորտի եւ Ինքնակառավարման Նախարար Հուսէյն Մախլուֆի:
Ասատ յայտնեց, որ նահանգապետը պետութեան աջ բազուկն է իւրաքաչիւր նահանգի մէջ՝ հսկելով եւ հետապնդելով պետական կամ անձնական հաստատութիւններու գործընթացը: Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ իւրաքանչիւր նահանգապետի պարտականութիւնն է փտածութեան երեւոյթները կանխարգիլել եւ այս առնչութեամբ բոլոր օրէնքները ի գործ դնել, ինչպէս նաեւ առաջարկներ ներկայացնել՝ տարբեր ասպարէզներու մէջ փտածութիւնը արգիլելու:
Ասատ կոչ ուղղեց նահանգապետներուն, տեղահանուածներուն տուն դարձը ապահովելու գծով իրենց կարելին ի գործ դնելու եւ ապահովելու իրենց հիմնական կարիքները: