2019-2020 տարեշրջանին, երրորդ տարին ըլլալով Հալէպահայ քուէթաբնակ բարերար մտաւորական Տիար Կիրակոս Գույումճեան «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակով կը շարունակէ քաջալեր հանդիսանալ հայկական վարժարաններուն 12-րդ կարգի առաջնակարգ այն ուսանողներուն, որոնք պետական լրացուցիչ քննութիւններուն առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը կ’ապահովեն:

Սրբոց Թարգմանչաց նուիրուած հոգեպարար շաբթուան մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի ձեռամբ յանձնուեցաւ Կիրակոս Գույումճեանին «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակը:

Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելութիւն տուաւ Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարան եւ Վարժարանի «Միքայէլ Եսայեան» մանկապարտէզ, ընկերակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեանի:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Վարժարանի Տնօրէնուհի Օրդ. Գայիանէ Թումպալեանի, Վարժարանի Կրթական Մարմինին, Մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Անի Սեւան Պէրթիզլեան-Փամպուքեանի եւ Վարժարանի անձնակազմին կողմէ: Ապա դասարանները շրջելով, Սրբազան Հայրը աշակերտներուն թելադրեց, որ անաղարտ պահեն մայրենի լեզուն եւ հետամուտ ըլլան մեր ազգային, եկեղեցական եւ մշակութային արժէքներու պահպանման:

Այնուհետեւ Տնօրէնութեան գրասենեակէն ներս Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Վարժարանի Տնօրէնութեան եւ Կրթական Մարմինի պատասխանատուներուն հետ, ներկայութեամբ՝ ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Տիար Ներսէս Ներսոյեանի, Սուրիոյ Խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ Տիար Ժիրայր Րէիսեանի եւ Իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեանի:

Սրբազան Հայրը Վարժարանի շրջափակէն ներս ներկայ գտնուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրի ներկայացման, որուն ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ Խորհրդարանի հայ երեսփոխանները, պարգեւատրուող աշակերտներուն ծնողները, նախորդ տարիներու մրցանակակիր ուսանողները եւ վարժարանի աշակերտութիւնը:

Յայտագիրի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Քուէթահայ բարերար Տիար Կիրակոս Գույումճեանի «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը յանձնեց Հալէպի հայկական վարժարաններուն մէջ 12-րդ կարգի պետական լրացուցիչ քննութիւններուն առաջին բարձրագոյն նիշը ապահովող Աննա Մարիա Պարսումեանին եւ երրորդ բարձրագոյն նիշը ապահովող Գրիգոր Թէնէքէճեանին:

Ընթերցուեցաւ Տիար Կիրակոս Գույումճեանին կենսագրական տուեալները, որուն ընդմէջէն ի յայտ եկաւ հայ գիրի եւ գրականութեան հանդէպ իր ունեցած աչալուրջ մօտեցումը: Ապա արտասանուեցաւ Տիար Կիրակոս Գույումճեանին սրտի խօսքը, ուր բարերարը շնորհակալական խօսք կ’ուղղէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որուն խիզախ քայլերուն շնորհիւ գաղութը կը դարմանէ տագնապներուն պատճառած վէրքերը: Ապա նաեւ շնորհաւորական խօսք կ’ուղղէ մրցանակակիր ուսանողներուն, Վարժարանի Տնօրէնին, Ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն, մաղթելով բարեյաջող ուսումնական երթ:

Պարգեւատրուող աշակերտները բեմ բարձրացան եւ իրենց սրտի խօսքը փոխանցելով շնորհակալութիւն յայտնեցին Տիար Կիրակոս Գույումճեանին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Վարժարանի Տնօրէնութեան, խոստանալով ուսումնատենչ ընթացքով բարձր պահել հայուն անունը:

Վարժարանի տնօրէնուհի՝ Օրդ. Գայիանէ Թումպալեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հոգածութեան համար, ինչպէս նաեւ քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանին իր աստուածահաճոյ եւ մարդասիրական քաջալեր ներդրումին համար:

Այցելութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Վարժարանի տնօրէնութիւնը, անձնակազմը եւ մրցանակակիր աշակերտները, «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակի տուչութեան բերկրալի առիթով:

Անդրադառնալով Արցախի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ սուրիահայ մեր աշակերտները Արցախի եւ Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան համար պայքարող զինուորներ են, որոնք ուսմամբ, հայրենասիրութեամբ եւ հայերէն լեզուն անաղարտ պահելով պիտի պաշտպանեն հայ դատը եւ մեր արդար իրաւունքները:

«”Արցախը մերն է եւ մերը պիտի մնայ” այս է պատասխանը Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մեր ժողովուրդին, որպէս իրաւատէր մեր պապենական հողերուն», աւելցուց Սրբազան Հայրը:

Մասիս Եպիսկոպոս ուրախութեամբ յիշեց, թէ անցնող ամիսներուն հայ երեսփոխաններուն ջանքերով Սուրիոյ Խորհրդարանը ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ինչպէս նաեւ նշեց, թէ ի պատիւ երեք հայ երեսփոխաններուն անցնող օրերուն Սուրիոյ Խորհրդարանէն ներս անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին:

Մասիս Սրբազան երախտագիտական խօսք ուղղեց Սուրիական Հայրենիքին եւ անոր Վսեմաշուք Նախագահ Տոքթ. Պաշար Ալ Ասատին շեշտելով, որ Սուրիական Հայրենիքը մեր հայրենիքն է, որուն ամբողջականութեան համար քրտինք եւ արիւն թափեցինք եւ որպէս սուրիահայեր կը շարունակենք մեր ներդրումը բերել:

Խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը ողջոյնի եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Քուէթահայ բարերար, մտաւորական Կիրակոս Գույումճեանին, իր տիկնոջ Սիլվային եւ ընտանեկան պարագաներուն, որոնք հակառակ տնտեսական ծանր պայմաններուն կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ հայ ջանասէր ուսանողներուն:

Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելութիւն տուաւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարան եւ Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզ, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան, Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան, Ծնողաց Յանձնախումբին եւ Ուսուցչական Կազմին կողմէ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Արժ. Տ. Սուրէն Քհնյ. Արսլանեան եւ Արժ. Տ. Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեան:

Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզէն ներս փոքրիկները Առաջնորդ Սրբազան Հօր դիմաւորեցին ծաղկեփունջով, Մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Ուաատ Զգուշեանի գլխաւորութեամբ: Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը շրջելով Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի բարձր կարգերու դասարանները՝ աշակերտներուն հետ տեսակցելով թելադրեց, որ առաջին հերթին լաւապէս տիրապետեն մայրենի լեզուին, ապա նաեւ կարեւորութեամբ սորվին արաբերէն լեզուն եւ օտար լեզուները, որպէսզի ուր որ ալ գտնուին հայ ժողովուրդի արդար դատին պաշտպանը հանդիսանան:

Սրբազան Հայրը տնօրէնութեան գրասենեակէն ներս հանդիպում ունեցաւ Վարժարանի Տնօրէն Երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեանին հետ, ներկայութեամբ՝ Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Ատենապետ Տիար Կարպիս Պարտաքճեանի, Վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ Ծնողաց Յանձնախումբին: Այցելութեան առիթով, Վարժարանի Տնօրէնը Կրթասիրացի մեծ ընտանիքին կողմէ յուշանուէր նուիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր:

Ապա, Կրթասիրացի «Փիւնիկ» սրահէն ներս Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին եւ Արցախի զօրակցութեան նուիրուած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրի: Աշակերտները փունջ մը հայրենասիրական երգերով եւ ասմունքներով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախի մեր հայորդիներուն, որոնք իրենց կեանքերը նուիրաբերելով դէմ կը դնեն ցեղասպան թուրքին:

Ապա, ընթերցուեցաւ հալէպահայ քուէթաբնակ բարերար, մտաւորական Տիար Կիրակոս Գույումճեանին կենսագրութիւնը, ինչպէս նաեւ բարերարին կողմէ վարժարանին ուղղուած շնորհաւորական նամակը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քուէթահայ բարերար Տիար Կիրակոս Գույումճեանի «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը յանձնեց 12-րդ կարգի պետական լրացուցիչ քննութիւններուն հայկական վարժարաններուն մէջ երկրորդ բարձրագոյն նիշը ապահովող Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի շրջանաւարտ Յակոբ Գասարեանին:

Այս առիթով, Յակոբը իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց Սրբազան Հօր եւ բարերար Տիար Կիրակոս Գույումճեանին, խոստանալով ուսման ոլորտէն ներս յարատեւ աշխատանքով նոր նուաճումներ արձանագրել:

Վարժարանի Տնօրէն Երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան յայտնեց, թէ Հալէպի մայր գաղութը պիտի շարունակէ տրոփել եւ բարգաւաճիլ շնորհիւ իր ուսումնատենչ աշակերտներուն, որոնք այսօր կը զօրակցին Արցախին՝ ուսմամբ եւ մեր ազգային-եկեղեցական արժէքներուն տէր կանգնելով: Ան շնորհակալութեան եւ հպարտութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ իբրեւ Թեմակալ Առաջնորդ հայրական հոգատարութեամբ քաջալեր կը հանդիսանայ հայկական Վարժարաններուն: Շնորհակալութիւն յայտնեց քուէթահայ բարերար Տիար Կիրակոս Գույումճեանին՝ իր ազգային կեցուածքին եւ հայ աշակերտին նկատմամբ ցուցաբերած քաջալերանքին համար: Այս առիթով յատուկ գնահատագիրով շնորհաւորեց մրցանակակիր աշակերտը:

Աւարտին Սրբազան Հայրը խօսք առնելով նշեց, թէ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի այս մտայղացումը կու գայ ո՛չ միայն մրցակցութեան ոգին զօրացնելու մեր աշակերտութեան մօտ, այլ պատմութեան այս հանգրուանին մեր յաղթանակներուն եւ ազգային ձգտումներուն աւելցնելու նոր մրցանակ մը:

Աւելցնելով ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին մահու եւ կենաց պայքար կը մղէ, պահպանելու իր ինքնութիւնը: Հետեւաբար, հրաւիրեց աշակերտները, որպէսզի պայքարի ոգին վառ պահեն իրենց մէջ՝ մայրենի լեզուին լաւապէս տիրապետելով եւ ուսմամբ, հաւատարմութեամբ եւ ծառայութեամբ Արցախին զօրակցելով:

Երախտագիտական խօսք ուղղելով Սուրիական Հայրենիքին, Մասիս Եպիսկոպոս ըսաւ. «Մեր պարտքն է որպէս սուրիահայեր, Սուրիական Հայրենիքին դէմ մղուող պատերազմներուն մեր պայքարի բաժինը բերել, որպէսզի Սուրիական Հայրենիքը մնայ ամբողջական, ազատ եւ անկախ, Վսեմաշուք Նախագահ Տոքթ. Պաշար Ալ Ասատի առաջնորդութեամբ»:

Անդրադառնալով հայ գիրերու գիւտին եւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, Մասիս Սրբազան կարեւորութեամբ նշեց, թէ Հայ լեզուն է երաշխաւորը հայ ժողովուրդին, սակայն օտար լեզուներ սորվելով մենք կը բացուինք աշխարհին եւ օտարներուն կը ճանչցնենք մեր արդար դատը եւ ցեղասպան թուրքին խաւարային արարքները:

Խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց մրցանակակիր Յակոբ Գասարեանը, Վարժարանի տնօրէնութիւնն ու աշակերտին ծնողքը եւ մրցանակակիր աշակերտներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց քուէթահայ բարերար, մտաւորական Տիար Կիրակոս Գույումճեանին, որ հակառակ տնտեսական անբարենպաստ պայմաններուն երրորդ տարին ըլլալով «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակով կը շարունակէ իր ներդրումը բերել՝ հալէպահայ ուսումնատենչ աշակերտներուն քաջալեր հանդիսանալով:

Այցելութիւնները իրենց աւարտին հասան «Պահպանիչ» աղօթքով: