– Համազարկո՜վ… Կրա՜կ…
Ու չորս թնդանօթները միասին գոռացին փամփուշտներու տարափին հետ միասին։

Ահեղ կռիւ էր։ Տղաքը դիրքաւորուած, հակամարտութիւններու սկիզբէն ի վեր ամենածանր մարտը կը մղէին այս անգամ։

– Միքայէ՜լ, լիցքաւորո՜ւմ։

Միքայէլը տախտակեայ արկղին մէջէն լիցքաւորուած սանր մը հանելով նետեց Կարոյին կողմը։

Կարոյին գլուխը գրեթէ ամբողջութեամբ ծածկուած էր զինուորական սաղաւարտով, բայց երկու աչքեր կը փայլէին անոր տակէն։ Օր մը առաջ տարածուած էր իր նկարը դիմատետրի էջերուն վրայ։ Նկար մը զինուորական տարազը հագած եւ ուրիշ մը՝ ընտանիքին հետ միասին։ Ամբողջ ազգ մը կը հպարտանար իրմով, օրինակ դարձած էր շատերուն առանց իսկ իր գիտնալուն։
«Հայրենիքը ամէն ինչից վեր»
«Հայրենիքի պաշտպանումը հարուստ եւ աղքատ չի ճանաչում»
Եւ ուրիշ շատ մը խօսքեր կը դաջուէին այդ նկարին։
Կարօն օրինակելի տիպար մը դարձած էր, իր ընտանիքի արժանի դրօշակիրը։
Խրամատին մէջ, աջին՝ երիտասարդն էր իր արձակելիք փամփուշտները խնայող, բայց իր թիրախներուն՝ երբեք։ Մահացու էին իր գնդակները, ի զուր չէր կրակեր։ Եթէ փամփուշտ մը արձակուելու ըլլայ իր կողմէն՝ անպայման մէկը պէտք է տապալի միւս կողմը։

– Ճա՜ն,– կրակոցներու ընդմիջումներով ըսաւ անոր Կարօն՝ ժպիտը դէմքին,– անխնայ կրակի, ծակ-ծակ արա դրանց մարմինը։ Դրամ շատ են հաւաքել մերոնք, զէնք ու զինամթերք ենք գնելու դրանով։ Կրակի՛ ու մի՛ խնայի…

Երիտասարդը ժպտեցաւ, բայց առանց ձայն հանելու կամ Կարոյին կողմը նայելու։ Շարունակեց հսկել իր դիրքը եւ փնտռել թիրախ մը։
– Կրա՜կ…
Չորս թնդանօթները անգամ մը եւս գոռացին ու նոյն ժամանակ հրթիռ մը արձակուեցաւ Կարոյին գլխուն ետեւէն։
Միքայէլն էր…
Իւրացուցած էր հակաօդային հրթիռարձակ զէնքը, եւ իր արձակած հրթիռը երկինքէն «թռչուն» մը բոցավառած ու վար առած էր։
Պայրաքտար մակնիշի ԱԹՍ-ն հասած էր տղոց դիրքը ու կրնար որեւէ մէկ վայրկեան ռմբակոծել զայն։
– Այ համպալնե՜ր, ձեր կեանքը ինձ էք պարտական…
Երիտասարդն ալ անպակաս չմնաց այս «հարսանիք»էն, վերջին թնդանօդի պայթումներէն, ազերիներ սկսած էին աջ ու ձախ փախչիլ, անոնցմէ մի քանին զգետնեց։
– Հուռա՜,–պոռաց առաջատար մարտիկներէն մէկը։
Յարձակումը կասեցուած էր։
Ընդհարումներէն ետք, կրակոցներու ձայնը որքան թեթեւնար, խրամատին մէջ լսուող աղմուկը այնքան կը բարձրանար։
– Ամուր սեղմէ՛ վէրքին վրայ,– կը պոռար մէկը։
Զինուորները հաւաքուած էին մէկուն շուրջ ու երկու հոգի կը խնդրէին երթալ ու մեքենայ մը պատրաստել։
Թշնամիի արձակած փամփուշտներէն մէկը հասած էր տղոց դիրքերն ու գտած էր Կարոյին ուսը, մտած էր այնտեղ ու հոն մնացած։
Միքայէլն ու Կարօն հասած էին իրեն ու շտապ օգնութեան աշխատանք կը տանէին։
Վէրքը մեծ էր, արիւնահոսութիւնը՝ առատ։
– Շտապէ՜ք, շտապէ՜ք,– կանչեց զինուորներէն մէկը, որ մեքենան բերած էր Կարոյին հասցնելու բուժօգնութեան կեդրոն։
Երիտասարդը ցատկեց մեքենային յետսամասը ու Միքայէլին հետ միասին վեր հանեց Կարօն ու երեքը մէկ ետեւը նստած՝ գացին դարմանատուն։

***

Առաջնագիծէն հեռու՝ ռմբակոծումը կը շարունակուէր խաղաղ բնակչութեան վրայ։ Ոչ միայն կը վնասուէին անոնց տուները, այլ նաեւ անոնց օրապահիկը ապահովող խանութները, սերունդ պատրաստող դպրոցները, մշակութային կոթողներն ու հիւանդանոցները։
Ծնողներ, իրենց զաւակներուն աչքերուն մէջ սարսափը տեսնելով եւ անոնց կեանքին սպառնացող վտանգը զգալով ճամբայ ելան դէպի Երեւան, ուր ժողովուրդը օրերէ ի վեր հանրահաւաք կը կազմակերպէ սնունդ մատակարարելու եւ հագուստ ու կապուստ ապահովելու համար ժողովուրդին թէ առաջնագիծի զինուորին համար։ Տուներու եւ հիւրանոցներու դռներ բացուեցան։ Շտապ օգնութեան մարմիններ կեանքի կոչուեցան, ժողովուրդը գործի լծուեցաւ։
Արտակարգ իրավիճակ էր։
Կամ…
«Կռուախնձոր» դարձած պետութեան մը դարերու ընթացքի սովորական իրավիճակը։
Մինչ մահուան ուրուականը կը շրջէր Արցախի քաղաքներուն մէջ ահ ու սարսափ տարածելով, արցախեան սահմանին վրայ արիութեան աստուածը կը հսկէր, ու տղոց բազուկին օր ու ցերեկ ուժ ու կորով կու տար։
Երկրի հիւսիսն ու հարաւը դարձած էին Հայաստանի ու Սփիւռքի հայութեան կիզակէտը։
Հայը՝ ուր ալ գտնուէր, առտուն արթննալուն պէս կամ գիշերը չքնացած, գործի ընթացքին կամ դադարի ժամանակ, ձեռնահեռաձայնը առնելով տեղեկութիւններ կը փնտռէր իր ֆէյսպուքի կամ ինսթակրամի հաշիւներուն մէջ պատերազմի վերջին իրադարձութիւններուն մասին։
Յայտարարութիւններ, տեսերիզներ, նկարներ, ոգելից ժպիտներ, ցնցող նկարներ, մամիկներ-պապիկներ, կեանքով լեցուն երեխաներ. բոլորն ալ յուզումնախառն պահեր կը պատճառէին անոր։
Սփիւռքը իր մասնակցութիւնը բերաւ։ Հազարաւոր նկարներ, տասնեակ յօդուածներ, բողոքի ցոյցեր, երկրի խորհրդարաններու մէջ բանաձեւեր. իւրաքանչիւրը ունէր իր ընելիքը։
Պատերազմը միայն առաջնագիծին վրայ չէր, այլ ընկերային ցանցերու եւ իւրաքանչիւր հայու ուղեղին մէջ։
Բայց այնտեղ՝ առաջնագիծին վրայ, աշխատանքը կը տարուէր աւելի սուղ գինով՝ ամենաթանկով՝ կեանքի գնով, ու ոչ ոք առարկելու իրաւունք կամ համարձակութիւն ունէր։
Եղան առօրեայ հոգերը բարձրաձայնելէ ամչցողներ, խաղաղ երկնքի տակ ապրող ամենաճղճիմ հարցերէն զզուանքը յայտնելէ խուսափողներ։ Ի՞նչ իրաւունքով խօսէին, ինչպէ՞ս գանգատէին, ինչպէ՞ս իրենց խիղճը ներէր։

Դժուար ժամանակներ էին…

***

Բաց վարագոյրը թոյլ տուաւ որ արեւի շողերը պատուհանէն ներս թափանցեն։ Լուսաւոր սենեակին ճիշդ կեդրոնը անկողին մը կար ու անկողին վրայ՝ շիկահեր գեղուհի մը։
Կարելի չէր այլեւս քնանալ։ Գիտէր այլեւս, որ արթուն էր, չէր կրնար ինքզինք խաբել։ Օրը սկսած էր։ Ուզածն ու փնտռածը քունը չէր։ Այդ մէկը պատերազմէն առաջ էր…
Աչքերը ճմլեց ու ձեռքը նետեց իր սպիտակ ու փափուկ բարձին տակ ու հոնկէ առաւ իր ձեռնահեռաձայնը։
Դիմատետրը բանալով հանդիպեցաւ առաջին լուրին.
«Ադրբեջանական ագրեսիան հետ մղելու ժամանակ…»
Նոյն սարսուռը անցաւ իր մարմինէն։ Արդէն աւելի քան 10 օր է այս նախադասութիւնը զինք կը չարչրկէր։ Թողալով բթամատը սահեցուց ձեռնահեռաձայնին վրայ ու սկսաւ մէկ-մէկ անունները կարդալ։ Ծննդեան թուականներուն ներկայ տարեթիւին մօտիկ ըլլալը աւելի կ’ընկճէր հոգին։ Չէր գիտեր անոնց, չէր գիտեր ոչ մէկուն։ Բայց գիտէր որ իրենք ալ երազներ ունէին, կեանք ունէին եւ ընտանիք։
Հասաւ անուններու ցանկին ամենավարը ու խոր շունչ մը քաշեց։
Չէր գտած անոր անունը։
Դարձեալ լաւ օր մը իրեն համար։ Իր սիրելին տակաւին կ’ապրէր ու կը մարտնչէր։
Ի՜նչ անձնասիրութիւն։
Շուշի. Իր անունն էր։
Ինք՝ երիտասարդին սէրը, անոր կամաւոր մեկնած օրուան անկոչ, բայց սպասուած հիւրը։

Շուշիին տասնօրեայ սովորութիւնը ա՛յս դարձած էր՝ դիմատետրը ստուգել, նորութիւններուն հետ քայլ պահել։ Ընկերային, ընտանեկան կամ որեւէ մէկ տեսակի հաւաքոյթի ժամանակ կը խօսէր միայն Արցախի մասին։ Իր նիւթը Արցախն էր՝ իր կրած վնասներով, հայ զինուորն էր՝ իր տարած յաղթանակներով, ազերին էր ու թուրքն էր՝ իրենց զզուելի նկարագիրով։
Շուշին խանդավառութեամբ կը մասնակցէր մարդասիրական տարուած աշխատանքներուն։ Ինք էր միշտ յոյս ներշնչողը իր շրջապատին։
Քանի հեռուն, իր ամենասիրելին երկրին սահմանները կը հսկէր՝ ինք ապահով կը զգար։
Տարիներ առաջ անոր խոստովանած սէրը կեանքի իր ամենաճիշդ որոշումներէն մէկն էր։
Հպարտ էր իրմով, ուրախ էր իրեն հետ։
Ահա թէ ինչո՛ւ յաւերժութիւն կը խոստանար իր նուիրած վզնոցով։

Շուշին պատերազմին հայրենասէր էր աւելի քան երբեք։
Շուշին միակը չէր…

Քրիստ Խրոյեան
(Շարունակելի)