«Երկիր Մետիա».-Ատրպէյճանի կողմէն 29 Հոկտեմբերին շարունակաբար թիրախաւորուած են Արցախի խաղաղ բնակավայրերը, մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի փաստահաւաք առաքելութեան  մէջ պարզուած է, որ օրուան ընթացքին մայրաքաղաքին հասցուած հրթիռային հարուածներուն հետեւանքով վիրաւորուած է երկու քաղաքացի: Աւերուած կամ վնասուած են բնակելի տուներ եւ մեքենաներ, ինչպէս նաեւ կենսական նշանակութեան քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ:
Շուշի քաղաքի հրթիռակոծութեան հետեւանքով քաղաքի բնակելի հատուածներուն եւ քաղաքացիական տուեալներուն հասցուած է նիւթական մեծ վնաս:
Ատրպէյճանական հարուածներուն հետեւանքով Ասկերանի շրջանի Սղնախ գիւղին մէջ երկու քաղաքացիական անձ վիրաւորուած է: Շրջանային կեդրոններ Ասկերան, Մարտակերտ եւ Մարտունի քաղաքներն ու յարակից բնակավայրերը նոյնպէս ենթարկուած են հարուածներու, քաղաքացիական բնակչութեան շրջանի մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ չկան, սակայն համայնքներուն հասցուած է նիւթական մեծ վնաս:
Ատրպէյճան յանցաւոր կերպով շարունակած է թիրախաւորել մարդասիրական գործառոյթներ իրականացնող արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան աշխատակիցները, որուն հետեւանքով ԱԻՊԾ մէկ աշխատակից` Յարութիւն Աթաջանեան զոհուած է, իսկ 5 աշխատակիցներ վիրաւորուած են: