ԱՀ նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ հայոց բերդաքաղաքին սպառնացող վտանգը ոչ միայն իրապէս մտահոգած է անոնց, այլեւ թշնամիին ճիրաններէն փրկելու նպատակով շատերը արդէն Արցախ շտապած են` մեծ ու փոքր ջոկատներով:
«Արցախի Հանրապետութեան նախագահին` այսօր Շուշի քաղաքէն ուղղած կոչը մեծ արձագանք գտած է: Անընդհատ զանգեր ստացած ենք ՀՀ տարբեր մարզերուն եւ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ բնակող մեր բազմաթիւ հայրենակիցներէն:
Հայոց բերդաքաղաքին սպառնացող վտանգը ոչ միայն իրապէս մտահոգած է անոնց, այլեւ թշնամիին ճիրաններէն փրկելու նպատակով շատերը արդէն Արցախ շտապած են` մեծ ու փոքր ջոկատներով: Մեզմէ իւրաքանչիւրին անձնական ներդրումն է միայն, որ կրնայ փրկել Շուշին ու ռազմագործողութիւններուն հաղորդել բաղձալի Բեկումը:
Կը սպասենք…»: