ՏԵՂԱԿԱՆ
Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն
– Շաբաթ օր Դամասկոս ժամանեց Սուրիոյ պասքեթի հաւաքականի ամերիկացի մարզիչ՝ Ճոզէֆ Սալէրոնը, իր հետ ունենալով օգնական մարզիչն ու ամերիկացի արհեստավարժ խաղացողը: Նորանշանակ մարզիչը Տամա Ռոզ հիւրանոցին մէջ ծանօթացաւ խաղացողներուն հետ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, ուր ներկայացուեցաւ մարզիչը: Կիրակի առաւօտ նախքան հաւաքականին Ռուսիա մեկնիլը Սալէրոնը ստորագրեց մէկ տարուան պայմանագիր:
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի մրցումներուն, Հալէպի Իթթիհատը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Դամասակոսի Ճէյշէն, ինչպէս նաեւ Հալէպի երկրորդ ներկայացուցիչ Հուրիէն 1-0 արդիւնքով զիջեցաւ Ուահտէին: Լաթաքիոյ զոյգ խումբերուն՝ Թիշրինի եւ Հըթթինի միջեւ կայացած հանդիպումը աւարտեցաւ 1-0 արդիւնքով ի նպաստ Թիշրինին: Նոյն արդիւնքով Քարամէն պարտութեան մատնեց Բ. դասակարգէն բարձրացած Հուճուլէին, իսկ Ճապլէ Թալիաա խումբերուն հանդիպումը աւարտեցաւ 3-3 հաւասարութեամբ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
Ռաֆայէլ Նազարեան Նշանակուեցաւ Հայաստանի Մ-21 Տարեկանի Մարզիչ
Հայաստանի ֆութպոլի մինչեւ 21 տարեկանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ  նշանակուեցաւ Ռաֆայէլ Նազարեանը: Այդ մասին յայտարարեց Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութեան մամուլի ծառայութիւնը: Կիրակի օր  Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի շէնքին մէջ  կայացաւ հանդիպում մը ՀՖՖ նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանի՝ Ռաֆայէլ Նազարեանի միջեւ, որմէ ետք  կողմերը ստորագրեցին համագործակցութեան երկամեայ պայմանագիր: Ռաֆայէլ Նազարեանը ունի Հայաստանի Մ-21 հաւաքականի հետ աշխատելու փորձ: Իր գլխաւորութեամբ Հայաստանի Մ-21 հաւաքականը 2011-էն 2013 թուական կատարած է 12 հանդիպում, արձանագրած  է 5 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ 4 պարտութիւն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Սպանիոյ Քլասիքոն Աւարտեցաւ Ի Նպաստ Ռէալ Մատրիտին
Շաբաթ երեկոյեան Քամբ Նոյի մարզադաշտին վրայ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտը 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քաթալոնիոյ Պարսելոնային: Հանդիպումի երրորդ վայրկեանին Վալվերտին կատարեց թագաւորական ակումբին կոլերուն բացումը որմէ չորս վայրկեան ետք Ֆաթին նշանակեց հաւասարութեան կոլը: Զոյգ խումբերուն միջեւ հանդիպումը ընթացաւ հաւասար խաղարկութեամբ: Երկրորդ կիսախաղին Ռէալ տիրապետեց խաղարկութեան եւ կրցաւ վտանգի ենթարկել մրցակիցին դարպասը: Ռէալի խմբապետ Ռամսը տուգանային հարուածով կրկնապատկեց արդիւնքը: Նախքան իրաւարարին աւարտի սուլիչը Մոտրիչ եզրափակեց մայրաքաղաքի կոլերուն շարքը:
Ռոնալտինիոն վարակուած Է Պսակաձեւ Ժահրով
Միլանի եւ Պարսելոնայի նախկին պրազիլցի խաղացող Ռոնալտինիոն դիմատետրի իր էջին մէջ յայտարարեց թէ ան վարակուած է պսակաձեւ ժահրով, եւ ներկայիս ան կþանցընէ իր մեկուսացման շրջանը: Ռոնալտինիոն տեսերիզի մը միջոցաւ ներկայացաւ իր ընկերներուն ու յայտարարեց իր հիւանդութիւնը։ Ան վերջերս իր մասնակցութիւնը բերած էր ծանուցումի մը ներկայացման: Ան յիշեց թէ առողջապահական վիճակը վտանգաւոր չէ, բայց կարիք ունի մեկուսացման ժամանակաշրջանի: Նշենք թէ Մարտ ամսուան ընթացքին Ռոնալտինիոն ձերբակալուեցաւ Փարակուէի կառավարութեան կողմէ եւ ազատ արձակուեցաւ Օգոստոսին:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան