Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ տնտեսական յանձնախումբի թելադրանքով եւ նկատի առնելով երկրին մէջ տիրող տնտեսական վատ պայմաններուն պատճառով ցորենի եւ ալիւրի ապահովման դժուարութիւնը, Սուրիոյ Ներքին Առեւտուրի Նախարարութիւնը 1 քիլօ հացին գինը 75 ս.ո.-ի բարձրացուց, իսկ1100 կրամ տոպրակով վաճառուող հացը՝ 100 ս.ո.-ի :
Իր կարգին Սուրիոյ ներքին առեւտուրի նախարար երկրչփ. Ճամալ ալ Տին Շուաայպ յայտնեց, որ սոյն որոշումը առաջ եկաւ Սուրիոյ դէմ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներուն հետեւանքով, փուռերուն ալիւր ապահովելու դժուարութենէն մեկնած:
Շուաայպ յայտնեց, որ արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ ցորենի արտերը հրդեհի ենթարկուեցան եւ սուրիական հացահատիկի ընկերութեան մօտ ցորենի քանակը նուազեցաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ գինի բարձրացման եւ կառավարութիւնը ստպուեցաւ ցորենը ներածել: Այս բոլորը պատճառ պիտի դարձան, որ հացի արտադրութեան ծախսերը բարձրանան, մանաւանդ, որ հացի արտադրութեան հիմնական նիւթերէն են մազութն ու թթխմորը, վերջինիս 1 քիլոն 5400 ս.ո. կ’արժէ: