Արցախ
24-29 Հոկտեմբեր 2020թ

Քանատա
24 Հոկտեմբերին քանատահայերը, Մոնրէալի մէջ իրականացուցած են հերթական մեծ ինքնաշարժով երթ եւ յարգանքի տուրք մատուցած են Արցախի պաշտպանութեան ընթացքին նահատակուած զոհերու յիշատակին:
ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործուն ջանքերուն հետեւանքով, Քանատայի Պահպանողական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Միշել Շոնկ, քանատական կառավարութեան կոչ ուղղած է աջակցիլ Արցախի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրացման:
Անցնող օրերուն Արցախի մէջ ատրպէյճանաթրքական ռազմական արարքին առնչուող հարցեր քննարկուած են նաեւ քանատական Խորհրդարանէն ներս, մասնաւորապէս արտաքին գործոց նախարար Ֆ․ֆ Շամփայնը խորհրդարանի ընդդիմադիր շրջանակներէն ներս հարցեր տրուած են` կապուած Թուրքիոյ քանատական ծագման ռազմական նշանակութեան պարտադրանքի յայտնուելուն եւ Թուրքիոյ նկատմամբ զէնքի վաճառքի արգելքի պահպանման մասին:
27 Հոկտեմբերին քանատահայերը մէկ այլ ցոյց իրականացուցած են վարչապետ Թրիւտոյի նստավայրին առջեւ` պահանջելով յստակութիւն մտցնել ղարաբաղեան հիմնահարցին քանատական քաղաքականութեան մէջ:
Այս օրերուն գրանցուած կարեւոր յաջողութիւններէն էր` 27 Հոկտեմբերին, Քանատայի Ծերակոյտի նիստի ընթացքին ծերակուտական եւ Քանատայի Վերին Պալատի նախկին խօսնակ Լէօ Յուսաքոսի յայտարարութիւնը, որ ան պատրաստուած է Ծերակոյտին ներկայացնել կողմէն հեղինակած բանաձեւ, որով քանատական կառավարութենէն կը պահանջուի դատապարտել թուրք-ատրպէյճանական զինուորական յարձակումը Արցախին վրայ եւ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը:
Քանատական Կանաչներու կուսակցութիւնը պաշտօնապէս կառավարութեան առաջարկած է, դիւանագիտական պատուիրակութիւն գործուղել Հայաստան` տեղւոյն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայ դիւանագիտական ճնշում գործադրելու եւ մարդասիրական հարցերու լուծման անդրադառնալու համար:
Արցախի անկախութեան ճանաչման պահանջով քանատական կառավարութեան դիմած է նաեւ Քանատայի յոյներու քոնկրէսը:

ԱՄՆ
ՀՅԴ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի ջանքերով Ամերիկեան քոնկրէսին մէջ կը շարունակուի օրէնսդրական գործընթացը, որուն նպատակն է Ատրպէճանը պատասխանատուութեան ենթարկել` թրքական հովանաւորութեամբ եւ ահաբեկիչներու ներգրաւմամբ արարքի սանձազերծման համար:
Ներկայիս, մեր ժողովուրդի մեծ բարեկամներուն կողմէն Քոնկրէսի մէջ ներկայացուած են տարբեր բանաձեւեր, որոնք կ’առաջարկեն ընդունիլ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, Ատրպէճանի նկատմամբ կիրառել պատժամիջոցներ, Պաքուն զրկել ամերիկեան օգնութենէն եւ կիրառել զէնքի վաճառքի արգելք:
23 եւ 24 Հոկտեմբերին, աշխատանքային այցելութեամբ ԱՄՆ-ի մէջ գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարար, Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեանին, ՀՅԴ ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանին եւ ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անի Չաղլասեանին հետ: Երկուստէք իրականացուած է անհրաժեշտ տեղեկատուութեան փոխանակում եւ իրավիճակային նկարագրութիւններ:
25 Հոկտեմբերին ամերիկահայերը բողոքի զանգուածային ցոյց իրականացուցած են: ՀՅԴ ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբէն յայտնած են, որ մեկնարկած է աղօթքով եւ Նիւ Եորքի Ճորճ Ուաշինկթընի անուան կամուրջով անցնող արդարութեան երթով:
27 Հոկտեմբերին ԱՄՆ-ի մէջ գործող արագ սնունդի Մքտոնալտս ցանցը իր դիմատետրի եւ ինսթակրամի էջերուն մէջ պաշտպանած էր ատրպէյճանական ցեղասպան քաղաքականութիւնը Արցախի նկատմամբ: Անոր անմիջապէս յաջորդեց ՀՅԴ Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի արագ եւ յստակ հակադարձումը, որուն հետեւանքով հրապարակումները հեռացուեցան:
Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած կրակի դադարեցման համաձայնութեան դրժումէն վերջ` ՀՅԴ Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբը, որպէս ատրպէյճանական քաղաքականութեան ամերիկեան կողմի համապարփակ պատասխան, առաջարկած է ընդունիլ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Միացեալ նահանգներուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ապակեդրոն ճանաչման դէպքերը կը շարունակուին․ 28 Հոկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը պաշտօնապէս ճանչցաւ Կլենտէյլ քաղաքը:

Եւրոպա

Անցնող օրերու ընթացքին ՀՅԴ Հայ Դատի ԵՄ երկիրներուն մէջ գործող յանձնախումբերը,  արտայայտելով այդ երկիրներու մէջ ապրող հայերուն կամքը, բաց նակամով դիմած են ԵՄ Յանձնաժողովի փոխնախագահ, ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան եւ անտվանգութեան հարցերու գերագոյն յանձնակատար Ժ․ Պորելին: Յանձնախումբերն ի թիւս այլնի, արտայայտած են իրենց հիասթափութիւնը, որ Արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութիւնը իր վերջին յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ քննադատած էր Գանջայի հրթիռակոծումը, սակայն տեւական ժամանակահատուած չէ անդրադարձած Ստեփանակերտին եւ Արցախի այլ խաղաղ բնակավայրերուն հասցուած ատրպէյճանական հարուածներուն:
Ֆրանսայի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբէն կը տեղեկանանք, որ 25 Հոկտեմբերին ֆրանսացի խորհրդարանականներու 15 հոգինոց պատուիրակութիւն ժամանած է Երեւան` սատարելու Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան:
ՀՅԴ Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբը շրջանառութեան մէջ դրած է նոր յայտագիր, որ նպատակ ունի բրիտանացի խորհրդարանականներուն վրայ հանրային ճննշում գործադրել` հասնելու համար Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ վրայ ատրպէյճանական յարձակման դատապարտման առաւել լայն ընդգրկումով:
24 Հոկտեմբերին ֆրանսահայերը հերթական բողոքի խաղաղ ցոյց կատարած են Փարիզի մէջ: Այս անգամ հաւաքի ցոյցին մասնակիցները հայկական եռագոյններով ողողած են Փարիզի կեդրոնին Սենա գետին վրայ առկայ կամուրջներէն մէկը:
Ֆրանսայի բողոքի մէկ այլ ցոյց տեղի ունեցած է Պիր Հաքեյմ կամուրջին վրայ, թրքական դեսպանատան առջեւը` Ֆրանսայի հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու միութեան կազմակերպմամբ եւ ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» ուսանողական միութեան մասնակցութեամբ:
ՀՅԴ Հայ Դատի Կիպրոսի Յանձնախումբի կողմէն, 25 Հոկտեմբերին կազմակերպուած է Արցախին զօրակցութեան մեծ ինքնաշարժով երթ:

ԱՒՍՐՏԱԼԻԱ
Աւստրալիոյ հայ համայնքը 24 Հոկտեմբերին իրականացուցած է «Երթ յանուն հայերու» 500 հոգինոց բողոքի երթ:

ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔ
Հայութեան շահերու պաշտպանութեան եւ մեր ժողովուրդի ձայնը լսելի դարձնելու միտուած տարաբնոյթ գործողութիւններ իրականացուած են նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքներուն մէջ յատկապէս Հալէպի, Պէյրութի եւ Երուսաղէմի մէջ:

Լատինական Ամերիկա
Բողոքի նախաձեռնութիւններ իրականացուած են նաեւ Արժանթինի Իսրայէլական դեսպանատան առջեւ եւ այլուր: