Երկուշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ամերիկեան «Worldmeter» կայքին համաձայն, աշխարհին մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 46.482.200-ի, մահացածներունը՝ 1.201.759յի, իսկ բուժուածներունը՝ 33.556.292-ի։ Կայքը յայտնեց, որ աշխարհը դէմ յանդիման կը գտնուի պսակաձեւ ժահրի երկրորդ ալիքին, որուն ի տես աւելի մեծ թիւով վարակուածներ եւ մահացածներ կ՚արձանագրուին, համեմատաբար առաջին ալիքին հետ։ Կայքը յիշեց կարգ մը պետութիւններու մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւերը։ Արժանթինի մէջ ընդհանուր վարակուածներուն թիւը հասած է 1.166.924-ի, Ինտոնեսիոյ մէջ՝ 412.784-ի, Մալիզիոյ մէջ՝ 32.505, Իրանի մէջ՝ 620.491-ի, իսկ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 5789-ի, մահացածներունը՝ 292-ի, բուժուածներունը՝ 2021-ի։