«Արմէնփրէս».- ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան The Jerusalem Post-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ նախագահ Ռիւուեն Ռիւլին Հոկտեմբերի սկիզբը Հայաստանի դեսպանը յետս կանչելէն վերջ, զանգահարած էր իր հայաստանցի գործընկերոջ եւ առաջարկած էր մարդասիրական օգնութիւն: Կա՞յ որեւէ բան, որ կ’ուզէիք ստանալ Իսրայէլէն, յայտնած է, որ ի՞նչ կը նշանակէ Իսրայէլի կողմէ մարդասիրական օգնութիւն, երբ Իսրայէլ վարձկաններուն կը վաճառէ զէնք, որմով վարձկանները հարուածի տակ կը պահեն խաղաղ քաղաքացիական բնակչութիւնը: Ես կ’առաջարկեմ, որ Իսրայէլ այդ օգնութիւնը ուղարկէ վարձկաններուն եւ ահաբեկիչներուն` որպէս իր գործունէութեան տրամաբանական շարունակութիւն:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է.«Ես արդէն ըսի: Գիտէք, այն, ինչ որ ըսի, ես կարծեմ, որ սա հարց է, որուն Իսրայէլը ոչ թէ մեզի համար պէտք է պատասխանէ, այլ ինքն իրեն համար, նոյն ձեւով ալ բոլոր այն երկիրները, որոնք զէնք կը վաճառեն Ատրպէյճանին:
Ես ընդամէնը 10-15 օր առաջ հարցազրոյցներու մէջ ըսած էի, որ եթէ Եւրոմիութիւնը պատշաճ գնահատականի չարժանացնէ Թուրքիոյ պահուածքը տարածաշրջանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, անոր հետեւանքները պիտի տեսնեն Եւրոպայի մէջ: Եւ մենք այսօր կը տեսնենք, թէ Եւրոպայի մէջ ինչ կը կատարուի: Եւ նոյնը ես կ’ըսեմ Իսրայէլի մասին: Իսրայէլ պէտք է ինքնիրեն իրեն հարց տայ՝ այսօր ինքը վարձկաններու հետ կողք կողքի փաստացիօրէն կը կռուի՞  Լեռնային Ղարաբաղի դէմ: Իսրայէլը ինքը պիտի պատասխանէ այդ հարցին` սա յարմա՞ր դիրք է իրեն համար, թէ՞ յարմար դիրք չէ: Եթէ յարմար դիրք է, Աստուած իր հետ:
Բայց ես կը կարծեմ, որ հոն որոշակի հետեւանքներ պիտի ըլլան, եւ դուք պիտի առերեսուիք այդ հետեւանքներուն հետ: Եւրոպայի պարագային իմ ըսածս իրականութիւն դարձաւ 15 օրուան ընթացքին: Իսրայէլի պարագային, չեմ գիտեր, կրնայ 15 օրուան, 15 շաբթուան, 15 տարուան ընթացքին: Բայց ես ուրիշ բան կ’ըսեմ, որ կը գործէ արտաքին քաղաքականութեան բոլորովին նոր ձեւաչափ Թուրքիոյ կողմէ: Եւ պարզ է, որ այդ ձեւաչափը պիտի դրսեւորուի տարբեր տեղեր, եթէ իրեն դրսեւորուելու կարելիութիւն տրուեցաւ: Այսօր փաստացիօրէն դրսեւորուելու այդ կարելիութիւնը տրուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Եւ անոր դրսեւորումները մենք կը սկսինք արդէն տեսնել Եւրոպայի մէջ, սկսած ենք տեսնել Ամերիկայի մէջ: Իսկ ո՞վ ըսած է, որ անոր դրսեւորումները պիտի չտեսնենք Իսրայէլի մէջ: Ես կը կարծեմ, որ պիտի տեսնենք: Թող Իսրայէլը մտածէ` իրեն համար յարմա՞ր դիրք է այսօր ըլլալ վարձկաններու հետ նոյն խրամատին, գիծին նոյն կողմը եւ ունենալ միեւնոյն թիրախը:
Ապա լրագրողը հարց տուաւ, թէ երբ կ’ըսէք, որ հետեւանքներ պիտի ըլլան, ինչէ՞ն կը զգուշանաք:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց․ «Ես նկարագրեցի Թուրքիոյ կողմէ վարուող քաղաքականութեան նոր ձեւաչափը` երբ ինքը Սուրիոյ մէջ գտնուող իր տարածքներէն ունի վարձկաններ ներգրաւելու, ըստ էութեան, ես չեմ ուզեր ըսել` անսահմանափակ, բայց մեծ կարելիութիւն ունի, աւելին․ ան ունի նաեւ կայսերական փառամոլութիւն: Այդ կայսերական փառամոլութիւնը դէպի հիւսիս է, դէպի արեւելք է, դէպի հարաւ են եւ դէպի արեւմուտք է: Եւ այդ ուղղութիւններով այդ դրսեւորումները մենք պիտի տեսնենք: Ինչու՞ կրնանք այդ դրսեւորումները տեսնել Վիեննայի ` Աւստրիոյ մէջ, Ֆրանսայի, Քանատայի մէջ եւ չենք կրնար այդ դրսեւորումները տեսնել Իսրայէլի մէջ: Իմ կարծիքովս`անպայման պիտի տեսնենք: Նկատի ունիմ, որ Իսրայէլ նպաստած է այդ պահուան մօտենալուն»:

Լրագրողը հարցուցած է նաեւ, որ մարդասիրական օժանդակութեան ծիրին մէջ կա՞յ որեւէ բան, որ Իսրայէլը կրնայ ընել Հայաստանի համար:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ ի՞նչ կը նշանակէ մարդասիրական աջակցութիւն երկրի մը կողմէ, որ վարձկաններուն զէնք կը վաճառէ, որմով վարձկանները հարուածի տակ կը պահեն խաղաղ քաղաքացիական բնակչութիւնը: Ես կ’առաջարկեմ, որ Իսրայէլ այդ օգնութիւնը ուղարկէ վարձկաններուն եւ ահաբեկիչներուն` որպէս իր գործունէութեան տրամաբանական շարունակութիւն: