«Ասպարէզ».- Լոս Անճելըսի մէջ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնխումբի ներկայացուցիչները Միացեալ Նահանգներու նախագահի ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ռապըրթ Օ՚Պրայընէն պահանջեցին ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը, յաւելեալ զէնքեր չծախել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին, անոր ներկայացնելէ ետք Արցախի եւ Հայաստանի դէմ այդ երկիրներուն գործադրած պատերազմական ոճիրներուն մանրամասնութիւնները:
Օ՚Պրայըն ընդունեց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը յարձակին Արցախի եւ Հայաստանի վրայ, սակայն շեշտեց, թէ Ամերիկա բանակցութիւններու կողմ չի համարեր Արցախը:
Ակնարկելով Արցախի մէջ զինուած խաղաղապահ առաքելութեան, ան շեշտեց, թէ անոր մաս պէտք չէ կազմեն Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրները կամ Թուրքիան, առաջադրելով Սքանտինաւիայիէն խաղաղապահներ հաստատել:
Ան անդրադարձաւ ատրպէյճանական ուժերու կողմէ շարք մը տարածքներու բռնագրաւման՝ ընդգծելով, որ այդ մէկը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ եւ իսլամ ծայրայեղական վարձկաններու օգնութեամբ:
«Ատրպէյճան կը վարանի առանց նախապայմաններու հրադադարի հարցին մէջ: Մինսկի խմբակի հովանիին տակ, երկու կողմերն ալ պէտք է պատրաստ ըլլան դժուար փոխզիջումներու՝ խաղաղութեան հասնելու համար: Ամերիկա կը հաւատայ, որ հարցը պէտք է լուծուի հիմնուած երեք կարեւոր սկզբունքներու վրայ՝ ուժի չկիրառում, երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւն եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք», յայտարարեց Օ՛Պրայըն:
Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրի կազմակերպած հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ծերակոյտի անդամ Մայք Լի:
Հանդիպումին մասնակցեցաւ եւ իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան: