Արցախեան համայնակուլ պատերազմը միայն զէնքերու, հրթիռներու օգտագործումով չի սաստկանար, ազերիական կողմը կþօգտագործէ նաեւ տեղեկատուական եւ հոգեբանական պատերազմի տարբեր ձեւեր եւ ուղղութիւններ։
Նպատակը բնականաբար հայութիւնը յուսահատութեան գիրկ նետելն ու մեր ժողովուրդի դիմադրողականութիւնը տկարացնելն է։ Աւելին. զայն համոզելն է, որ ուղղուի թշնամիին առաջարկած պարտութեան լուծումներուն։
Անգլիացի հոգեբան Ն. Քոփլանտ, կարեւոր համարելով հոգեբանական գործօնին դերը պատերազմը վարելու արուեստին մէջ,նախորդ դարու 20-ական թուականներուն իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ ըսած է. «Բանակը չի ջախջախուիր, այնքան ատեն որ ան չէ ներծծած պարտութեան գիտակցութիւնը: Պարտութիւնը մտքի հետեւողութիւն է, ոչ թէ ֆիզիքական վիճակ»:
Բարեբախտաբար հայկական լրատուամիջոցները պաշտպանողական բոլոր ձեւերուն դիմած են ու կը դիմեն՝ երեւելի յաջողութեան հասնելով, մեր ու օտար հանրութիւնը իրազեկ դարձնելով դէպքերու ճշգրիտ զարգացումներուն եւ մեր զինուորներու մարտունակութեան բարձր ոգիին, սակայն հոգեբանական ու տեղեկատուական այս պատերազմին մէջ յարձակողական մեր քաղաքականութիւնը կը մնայ անբաւարար։
Բարեբախտաբար ականատեսը եղանք հայկական ելեկտրոնային բանակի ստեղծման, որ վերջերս արձանագրեց ու կը շարունակէ արձանագրել տեղեկատուական դաշտին մէջ նկատառելի յառաջընթաց։ Սա իսկապէս ողջունելի աշխատանք է, սակայն, համեմատաբար ազերիական կողմին ի գործ դրած տեղեկատուական եւ հոգեբանական պատերազմին, հայկական լրատուադաշտի ընթացքը զարգացումի կը կարօտի։
Ազերիական կողմը յառաջացուցած է հայերէն լեզուով մէկէ աւելի կայքեր, որոնք ոչ միայն ապատեղեկատուութիւն կը տարածեն, այլեւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ խլրտումներ ստեղծելու քաղաքականութիւն կը մշակեն, մեր իսկ լեզուով նսեմացնելով մեր հերոսները, պետական այրերը, եւ այլն։ Պատերազմի օրերուն նման հոսանքներէ պէտք է զգուշանալ եւ կուռ շարքերով մէկ մարմին դառնալ ազգովին, վստահելով գետնի վրայ հայոց բանակի շարժումներուն հետեւող պաշտօնական աղբիւրներուն առաւելաբար։
Միւս կողմէ, թշնամիին օտար լեզուներով բանեցուցած կայքերը ուղղուած են օտար հանրութեան՝ արաբ, եւրոպացի, ամերիկացի, պարսիկ, թուրք եւ ռուս՝ այդ շրջանակներուն մէջ հայկական կողմը նախայարձակ ներկայացնելու եւ ազերիաթրքական պատերազմական յանցագործութիւնները քողարկելով, ամէն բան հայկական կողմին վերագրելու նպատակով։ Աւելին. ազերիական կողմին չափազանցուած յառաջընթացին մասին խօսելու համար։
Այս առումով տեղեկատուական եւ հոգեբանական պատերազմէն եւս պէտք է պաշտպանուի մեր հանրութիւնը, հայկական աղբիւրներուն հետեւելով, մեր լրատուամիջոցները զարգացնելով, օտարալեզու լրատուամիջոցներ թափանցելով եւ գրոհի ենթարկելով ազերիական կեղծ կայքերը։
Հայկական լրատուամիջոցները մեր եւ օտար հանրութեանց դիմաց իրողութիւնները պարզելու եւ տեղեկատուահոգեբանական այս պատերազմէն եւս յաղթական դուրս գալու համար զարգանալու, բազմալեզու հարթակներ ստեղծելու եւ հայութեան դիմադրողականութեան ոգին բարձր պահելու խիստ կարեւոր մարտահրաւէրը կը դիմագրաւեն։ Օտարին հետ իր լեզուով խօսելու, անոր ծրագիրներն ու մտայնութիւնը ըմբռնելու արուեստին պէտք է տիրապետել նաեւ։
Հոգեբանական պատերազմէն չազդուելու համար անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ հաւատք ընծայել մեր ուժերուն, մեր դիմադրողական ոգիին, մեր բանակին ու պետութեան կարելիութիւններուն ու միասնական ճիգերով դիմագրաւել հայութիւնը երկրորդ ցեղասպանութեան ենթարկելու կոչուած այս դառն, բայց յաղթահարելի պատերազմը։
Հայ զինուորին արիութիւնը մեր ուժի աղբիւրը թող ըլլայ, որպէսզի մենք՝ հայկական լրատուամիջոցներս, մեր կարելիութիւնները լարելով գերազանցենք թշնամին ոչ միայն պատերազմի դաշտին, այլ տեղեկատուական ու հոգեբանական պատերազմին մէջ եւս։
«Գ.»